
Յարութիւն Մերդինեան Մարմնամարզութեան Եւրոպայի Ախոյեան
Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ, ողիմպիական խաղերու մասնակից Յարութիւն Մերդինեան ոսկի մետալի տիրացաւ գերմանական Միւնիխ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի մարմնամարզութեան մեծերու ախոյեանութեան:
Նժոյգ մարզաձեւի մրցումներուն` ապահովելով 14,733 կէտ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Իսկ ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Արթուր Դաւթեան՝ ապահովելով 14,983 կէտ, հանդիսացաւ արծաթէ մետալակիր: