Լրագրողներու Համահայկական Համաժողով` 2023-ի Գարնան․ Հաղորդագրութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ 19 Օգոստոս 2022-ին, Հայաստանի Լրագրողներու միութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Երեւան:

Նիստին մասնակցեցան` Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ եւ «168 ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիրը, «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան նախկին եւ ներկայ տնօրէնները, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ եւ «Նոյեան տապան» լրատու գործակալութեան տնօրէնը, «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի տնօրէն-գլխաւոր խմբագիրները եւ տեսակապով` Չեխիոյ «Օրեր» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիրը:

Օրակարգի կէտեր նկատի առնուած էին.

– Տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցական նիստերու զեկուցում:
– Համակարգող խորհուրդի կազմի հանգրուանային համալրում:
– Յառաջիկայ Համահայկական համաժողովի թուականի ճշդում:
– Լրագրողներու համախմբումի գրանցման իրաւական հարցեր:
– Երիտասարդ լրագրողական մարդուժի պատրաստութեան ծրագիրներու նախագիծերու ներկայացում:

Ժողովը որոշեց յառաջիկայ համաժողովը կազմակերպել 2023-ի գարնան:

Համաժողովին հետ կապուած այլ մանրամասնութիւնները պիտի քննարկուին համակարգող խորհուրդի յառաջիկայ նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 2022-ին:

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ
ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴ