
Ժենիա Աւետիսեան, դերասանուհի
Հայ թատրոնի եւ կինոյի ամենահմայիչ դերասանուհիներէն մէկըՀՀ ժողովրդական արտիստ Ժենիա Աւետիսեանը, իր դերասանական կենսագրութիւնը սկսած է 1960-ականներու սկիզբը
Երեւանի գեղարուեստաթատերական ուսումնարանի դերասանական բաժանմունքը աւարտելէ ետք՝ ընդգրկուելով Սունդուկեանի անուան ակադեմիական թատրոնի դերասանախումբ: Անցած է մօտ կէսդարեայ բեմական ճանապարհ, որուն մէկ հատուածը անցուցած է իր վաղամեռիկ ամուսինիտաղանդաւոր դերասան Եուրի Ամիրեանի հետ:
Ժենիան Մայր թատրոն անցած է այն ժամանակ, երբ այնտեղ մեծ կարիք կար երիտասարդ դերասանուհիներու, երբ ողջ երկրին մէջ սկիզբ առած բարեփոխումները, որոնք բնութագրուեցան «խրուշչովեան ձնհալ» արտայայտութեամբ, նորանոր իրողութիւններ կը հաստատէին, կը պարտադրէին իւրովի գնահատել յատկապէս գեղարուեստական մշակոյթը:
Գրականութեան, թատրոնի, կերպարուեստի, շարժանկարի արուեստի, երաժշտութեան ասպարէզներուն մէջ իւրայատուկ խիզախումներու եւ նորացումներու ընթացող սերունդը կոչեցին «վաթսունականցիներ», իսկ Ժենիա Աւետիսեանը եկաւ ու միացաւ այդ սերունդին
թատրոն բերելով նոր արտայայտչականութիւն, խաղային նոր որակներ։ Առաջին իսկ դերով դերասանուհիին համար առաջնայինը եղաւ զգացմունքը, զգացմունքայինը, որ
իւրաքանչիւր դեր-կերպարի հոգեբանական աւարտունութեան երաշխիքը կը դառնար:
Ազգային ակադեմիական թատրոնէն ներս դերասանուհի Ժենիա Աւետիսեան ստեղծած է մօտ յիսուն դերատիպար, որոնցմէ կարելի է առանձնացնել ՊիանքանՇեքսփիրի «Օթելլօ», Սալոմեները
Գ. Սունդուկեանի «Էլի մէկ զոհ»
եւ «Քանդած օճախ», Էփեմիան«Պեպօ» եւ այլն։ Այս կերպարները կը վկայեն դերասանուհիի ստեղծագործական ընդգրկումներու ազատութեան, գեղարուեստական- գեղագիտական տարբեր սկզբունքներու ներհիւսումներուն մասին: Անուանի դերասանուհիի ստեղծագործութեան մէջ առանձնակի տեղ կը գրաւեն անոր ասմունքն ու շարժանկարի կրկնօրինակումները:
Թէ՛ շարժանկարի, թէ՛ թատրոնի մէջ Ժենիա Աւետիսեանը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ հայ դերասանական արուեստի դասական աւանդոյթներուն, չըլլալով նորարար
կը շարունակէ հարստացնել այն ամէնը, ինչը ազգային բեմարուեստ բերած են նշանաւոր սունդուկեանցիները:
Դերասանուհին մահացած է 2021թ․, Երեւանի մէջ։