Քարագլուխէն Նայող Ազրպէյճանցիի Հայեացքի Տակ Խրամորթը Կը Շնչէ․ Բացառիկ Ֆիլմ Խրամորթէն

Այլեւայլ, Հայաստան

Մենք քանի մը օր խօսեցանք Խրամորթի մասին յետոյ մոռցանք, կարծես թէ նորոյթէն դուրս եկաւ թեման, բայց խրամորթցին դեռ կը շարունակէ ունենալ անվտանգային լուրջ խնդիրներ։

Յիշեցնենք, որ Մարտին Ազրպէյճանի զինուժը Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղին ուղղութեամբ խախտեց սահմանագիծը, տեղակայուելով Քարագլուխ բարձունքին վրայ։ Բնակիչներու անվտանգութեան համար` տարհանուած են Փառուխին հարեւան Խրամորթ գիւղի կանայք եւ երեխաները:  Ռուս խաղաղապահները կը փորձեն բանակցութիւններու միջոցով կասեցնել ազրպէյճանցիներու յետագայ յառաջխաղացքը եւ անոնց վերադարձնել իրենց նախկին դիրքեր:

Գագիկ Յարութիւնեան