
Մուշեղ Մկրտչեանը Արծաթէ Մետալ Նուաճած է Յունահռոմէական Ոճի Ըմբշամարտի Աշխարհի Ախոյեանութեան
Ազատ ոճային ըմբիշ, 79 քկ քաշային Մուշեղ Մկրտչեանը Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ ընթացող աշխարհի երիտասարդական առաջնութեան հասած է եզրափակիչ եւ պիտի պայքարի ոսկի մետալին համար:
Մկրտչեանը 1/8 եզրափակիչին գօտեմարտած է զուիցերիացի ըմբիշի հետ եւ 9:0 հաշուով յաղթած, քառորդ եզրափակիչին 11:2 հաշուով առաւելութեան հասած է Ազրպէյճանի ներկայացուցիչին նկատմամբ, իսկ կիսաեզրափակիչին 2:2 հաշուով աւարտած է գօտեմարտը Խրխըզիստանը ներկայացնող մարզիկին հետ: Եզրափակիչին Մկրտչեանը պիտի մրցի իրանցի Սոպան Եարիի հետ:
Կիսաեզրափակիչ հասած մեր միւս ներկայացուցիչը՝ Հայկ Պապիկեանը (70 քկ), որոշիչ գօտեմարտին 3:6 հաշուով զիջած է ԱՄՆ ներկայացնող ըմբիշը եւ պիտի պայքարի պրոնզէ մետալին համար:
Առաջնութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 21։