Հայաստանի Մէջ Օգոստոս 17-ն ու 18-ը Սգոյ Օրեր Յայտարարուեցան

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Օգոստոս 17-18-ը յայտարարուած է սուգ։ Այս մասին, ըստ SputnikArmenia-ի յայտնած է կառավարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Սուգը յայտարարուած է ի յիշատակ Օգոստոս 14-ին «Երեւանի պահածոներու գործարան» ՓԲԸ-ի տարածքին մէջ տեղի ունեցած հրդեհին եւ պայթումին հետեւանքով զոհուած քաղաքացիներուն։

Յիշեցնենք, որ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ Օգոստոս 14-ին տեղի ունեցած էր պայթում։ Երեւան քաղաքի բժշտական կեդրոններ դիմած են 60 քաղաքացիներ, որոնց 7-ը տակաւին կը շարունակեն բուժում ստանալ։

Այս պահուն յայտնի է, որ մահացած է 16 մարդ ու դեռ կը փնտռուին 3 ուրիշներ։