
Ալենուշ Տէրեան. աստղագէտ, իրանական աստղագիտութեան մայրը
Ալենուշ Տերեանը ծնած է Իրանի մայրաքաղաք Թեհրան։ Հայրը Նոր Ջուղայի հայերէն էր եւ թէեւ գրող էր, բայց կեանքի վերջին 20 տարիներուն ծառայած է իբրեւ Իրանի «Սեփահ պանք»-ի տնօրէն: Իսկ երիտասարդ Ալենուշը խորացած է աստղագիտութեան մէջ եւ դարձած Թեհրանի համալսարանի Երկրաֆիզիքայի ուսումնարանի արեգակնային աստղադիտարանի հիմնադիրներէն մէկը: Թեհրանի մէջ անոր իրաւացիօրէն կը կոչէին «իրանական աստղագիտութեան մայրը»: Չէ՞ որ Ա. Տէրեանը Իրանի առաջին կին փրոֆէսըրն էր՝ Իրանի առաջին կին աստղագէտն ու աստղաֆիզիքոսը:
Ի դէպ, Ա. Տէրեանը երբեք ամուսնացած չըլլալով՝ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է գերազանցապէս հետազօտութիւններու եւ դասաւանդման վրայ: Անոր ուսանողներն ու ժամանակակիցները այսօր եւս կը յիշեն Ալենուշ Տէրեանը՝ իբրեւ հոգատար ուսուցիչ, որ կը վայելէր բոլոր ուսանողներուն սէրն ու յարգանքը:
Ուշագրաւ է այն, որ Ալենուշ Տէրեան իր տունը կտակած է Նոր Ջուղայի հայ համայնքին, որպէսզի այնտեղ կարենան բնակիլ կացարան չունեցող ուսանողները: Իսկ ինքը վախճանած է ծերանոցի մէջ։