Որոշումներ, Որոնց Համար Հաստատ Կը Զղջաք Երբ Ծերանաք

Այլեւայլ

Ամէն օր մենք կ՝ընդունինք բազմաթիւ ու տարատեսակ որոշումներ եւ յաճախ չենք ալ հասկնար, որ անոն մեծ ազդեցութիւն կրնան ունենալ մեր յետագայ կեանքին վրայ: Կամովին կամ պարտադրուած որոշումներ կայացնելովմենք բոլորս ալ կ՝առաջնորդուինք որեւէ բանով: Կարգ մը որոշումներ մեզի յաջողութիւն եւ թեթեւութիւն կը բերեն, ուրախութիւն եւ հեռանկարներ, ուրիշները կեանք կը փրկեն, կ՝օգնեն զարգանալ եւ արարել: Սակայն կան րոշումներ, որոնք կայացնելէ ետք կը դադրինք քնանալէ, կը կորսնցնենք ախորժակը, հաւասարակշռութիւնն ու հանգստութիւնը: Ու իբրեւ արդիւնք չենք կրնար հանգիստ ապրիլ:

Բայց որքան ալ փորձենք, բոլոր սխալներէն չենք կրնար ապահովագրել մեզի, եւ, եթէ արդէն իսկ մեր կեանքին մէջ սխալներ ըրած ենք, չմոռնանք, որ անոնք միշտ ալ կարելի է փորձել ուղղել: Կարեւորը` ժամանակ չկորսնցնել ու չյետաձգել:

Անտեսեցէք Ձեզի, Ձեր հպարտութիւնն ու եսասիրութիւնը եւ փորձեցէք փոխել այն, ինչ գիշերները Ձեզի չի ձգեր քնանալ: Այսպէս՝

  1. Դուք կը զղջաք, որ չափազանց շատ ժամանակ անցուցած էք հեռատեսիլին առջեւ` դիտելով անվերջանալի հաղորդումներ:
  2. Դուք կը զղջաք, որ ձեր կեանքին մէջ առաջնայնութիւնը տուած էք հասարակական ցանցերու վերացական աշխարհին` գլխովին խորասուզուելով Ձեր եւ Ձեր ծանօթներու մասին սխալ պատկերացումներու խաղին մէջ:
  3. Դուք կը զղջաք, որ առողջ ապրելակերպ չէք վարած` թոյլ տալով Ձեր սովորոյթներուն վերահսկելու Ձեզի:
  4. Դուք կը զղջաք, որ քիչ տեսած էք ու գնահատած այս աշխարհի իրական գեղեցկութիւնը` Ձեր կեանքը շտապելով եւ անհարկի սէթեւեթելով:
  5. Դուք կը զղջաք, որ քիչ հաւատացած էք եւ չէք ձգտած աւելի շատ, մեծ ու համաշխարհային բաներ գիտնալու:
  6. Դուք կը զղջաք, որ հազուադէպ դիմաւորած էք արեւածագը ու հետեւած անոր մայր մտնելուն` Ձեզ արդարացնելով ամենատարբեր կարեւոր ու անյետաձգելի գործերու եւ խնդիրներու առկայութեամբ:
  7. Դուք կը զղջաք, որ չափազանց վախցած, կծկուած, լուրջ եղած էք ու աշխատած էք համապատասխանել ճիշդի, արժանիի ու յաջողակի մասին եղած վարքագիծի համընդհանուր չափանիշներուն:
  8. Դուք կը զղջաք այն բանի համար, որ չափազանց շուտ էք հասունացել ու արգելել էք ինքներդ ձեզ երբեմն երեխայ լինել` թէկուզեւ 40 տարեկանում:
  9. Դուք կը զղջաք, որ քիչ ընկերութիւն ըրած էք, չէք գնահատած ձեր ընկերներն ու շատ ժամանակ միասին չէք անցուցած:
  10. Դուք կը զղջաք, որ չափէն աւելի նեղացկոտ, յիշաչար, չար ու կասկածամիտ եղած էք:
  11. Դուք կը զղջաք, որ քիչ շփուած էք ձեր ընտանիքի, զաւակներու, բարեկամներու, հետ, շատ վիճած էք ու բարկացած անոնց վրայ:
  12. Դուք կը զղջաք, որ քիչ ծիծաղած էք, ուրախացած ու զուարճացած:
  13. Դուք կը զղջաք, որ չափազանց ցաւագին ընդունած էք այլ մարդոց արարքներն ու խօսքերը:
  14. Դուք կը զղջաք, որ չէք զարգացուցած ձեր տաղանդն ու մոռցած էք մանկական երազանքներու եւ հետաքրքրութիւններու մասին:
  15. Դուք կը զղջաք, որ քիչ ճամբորդած էք ու քիչ ճանչցած էք աշխարհը:
  16. Դուք կը զղջաք, որ շատ վախցած էք:
  17. Դուք կը զղջաք, որ կասկածած ու թերագնահատած էք Ձեզի, շատ բաներ չէք համարձակած ընել:
  18. Դուք կը զղջաք, որ խենթ արարքներ չէք ըրած, մարտահրաւէր չէք նետած հանգամանքներուն, աշխարհին, չէք պայքարած ու թեւաթափ եղած էք: Ձեզի թոյլ տուած էք հեռանալու եւ լռելու:
  19. Դուք կը զղջաք, որ նիւթապաշտ եղած էք, որ շատ ուժ, եռանդ ու առողջութիւն վատնած է նորոյթին հետեւելով:
  20. Դուք կը զղջաք, որ չէք ըսած գլխաւորը: