Վալիա Սամուէլեան. ժողովրդական երգչուհի

Այլեւայլ

Վալիա Սամուէլեան ծնած է 1937-ին, Երեւան: Փոքր տարիքէն, ապագայ երգչուհին, լսած է Շարա Տալեանի, Արմենակ Տէր-Աբրահամեանի, Վաղարշակ Սահակեանի, Արաքսեայ Գիւլզադեանի, Շողիկ Մկրտչեանի, ապաՕֆելիա Համբարձումեանի, Յովհաննէս Պատալեանի կատարմամբ հայկական ժողովրդական ու գուսանական երգերը եւ փափաքած է դառնալ ժողովրդական երգչուհի: Ծնողները, իրենց հերթին, անոր մէջ սերմանած են սէր դէպի հայ երգարուեստը: Անոնց տան մէջ պահպանուած էր վանեցի հայրիկի իր հօրմէ ժառանգութիւն ստացած
երգարանը, ուրկէ ան կ՝ընտրէր իր առաջին կատարումները:

Աշխատած է «Հայելեկտրօ», այնուհետեւ սարքաշինական գործարանին մէջշարունակելով երգել ինքնագործ անսամպլի մէջ, ուր հանդիպած է իր ապագայ ամուսինի «Ժողգործիք» նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար
եւ թառահար Քարլէն Գէորգեանին:

Եղած է ՀՀ Ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան Արամ Մերանգուլեանի անուան ժողովրդական գործիքներու նուագախումբի մենակատար: Անսամպլի կազմին մէջ հանդէս եկած է 38 տարի` մինչեւ կեանքի վերջին օրերը:

1957-ին արժանացած է միջազգային փառատօնի ոսկէ մետալի: Ունի չորս ոսկէ մետալ եւ վկայականներ:

Թողարկուած է ձայնասկաւառակներ Մոսկուայի «Մելոտիա» ընկերութեան եւ ԱՄՆ-ի մէջ: Համերգներով հանդէս եկած է աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ:

Մահացած է 1990-ին, դժբախտ պատահարէ:

Վալիա Սամուէլեանը ՀՀ վաստակաւոր արտիստ, երաժշտահան եւ երաժիշտ Արա Գէորգեանի մայրն է: