
Մեզ Չեն Ծնած, Որ Լոյս Աչքով Երկիր ու Շէն Բաշխենք Մեր Ննջեցեալները Դիւադադար Ընող ու Մեր Զաւակները Մորթող Թշնամիին. Քանդակագործ
Բաց նամակ բոլորին,
2020 թուականի պատերազմը եւ այն՝ ինչ կը կատարուի այս օրերուն, ընկճախտի ու ցաւի մէջ կը պահէ համայն հայութիւնը: Օգոստոս 25-ին կը յանձնենք Բերձորը:
Մենք անզօրութեան պատճառով յայտնուած ենք իրավիճակի մը մէջ, երբ առաւել քան ցաւի ու մտահոգութիւններու մէջ ենք:
Մենք յայտնուած ենք իրականութեան մը մէջ, երբ անվերջ ու մտովի Եռաբլուրի մէջ ենք ու Ծիծեռնակաբերդի՝ մեր նահատակուած պապերու յիշատակին կողքին:
Հայ ազգի սերուցքը անելանելի վիճակի մէջ է, քանի որ կտոր առ կտոր կը քերթեն իր տարիներու վաստակն ու յաղթանակը: Եւ ատիկա կը կատարուի առաձնակի դաժանութեամբ ու թիրախաւորելով հանրային գիտակցութիւնը:
Ատիկա ունի իր պատճառները եւ վերջինները մեզի ուղեկցած են 3-րդ հանրապետութեան ողջ ընթացքին:
Մենք յայտնուած ենք կառավարելի քաոսի մէջ եւ որքան ալ ծանր ըլլայ ատիկա խոստովանիլը՝ ունինք մեր մեղքի՝ ոչ փոքր բաժինը:
Այսօր կը փորձենք մեր մեծ նաւի մէկ ճեղքը փակել, կը ստանանք երկուքը յաջորդ առաւօտեան:
Եւ ատիկա կը շարունակուի արդէն 4 տարի ու այդ չորս տարուան մէջ միշտ շնչելով ու վեր լողալով, աւելի խորը կը սուզուին եւ չենք արտաշնչեր:
Սակայն, այս ամէնուն մէջ՝ մենք պիտի չի մոռնանք, որ կան յիշատակի օրեր ու յիշատակի յուշակոթողներ, որոնք ազգերն ու երկիրները կը սարքեն իրենք իրենց մոռացութեան չմատնելու համար:
Մենք այդպիսի յուշակոթող ունինք եւ ամէն տարի Ապրիլ 24 ին գլխահակ կ՝երթանք յարգանքի տուրք մատուցելու մեր սրբացեալ նախնիներուն:
2020 թուականի պատերազմը կամ 3-րդ հանրապետութեան վերջնարդիւնքը մեզի պիտի չի տանի դէպի նոր Ծիծեռնակաբերդ կամ ընդլայնէ Եռաբլուրի ու քաղաքային պանթէոններու տարածքը:
Ուստի կ՝առաջարկեմ.
— Ամէն տարի Նոյեմբեր 9-ին՝ ի նշան մեր պահանջի՝ ինքնաշարժներու երթ ընել ՀՀ բոլոր բնակավայրերուն մէջ:
— Հնչեցնել բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը՝ ի պահանջ վերը յայտարարուածի
— Այս տարուան Օգոստոս 25-ին՝ ՀՀ եւ Արցախի միացման հայկական հատուածին վրայ իրականացնել պահանջի հանդիպում, որոոն պիտի նախորդէ ինքնաշարժներու երթը:
Մեր ականջները պիտի չի քնանան: Մեր սրտերը պիտի չի կանգնին ու մեր բռուցքները ափ պիտի չի դառնան Արցախի հիմնախնդրի մեր գոյապայքարին մէջ:
Ասիկա վերջը չէ ու քանի դեռ կը բաբախէ մէկ հայու սիրտ, մենք պահանջատէր ենք ու պիտի ծնինք պահանջատէր զաւակներ ու թոռներ:
Մենք յայտնի ՝ Անի երգի տեղը Բերձոր պիտի չերգենք եւ Բերձորը տեսնելէ ետք պիտի ապրինք:
Մենք, իբրեւ իրադարձութիւններու ներկայ եւ ժամանակակից՝ իրաւունք չունինք այլ բան ընելու, քանի որ մեր սերունդները պիտի նզովեն մեզի:
Կոչ կ՝ընեմ բոլորին. Պատկան մարմիններուն, Հայ Առաքելական եկեղեցիին, Ընդդիմադիր Խորհրդարանական դաշիքներուն, Հասարակական կազմակերպութիւններուն, Հեղինակաւոր անհատներուն ու մեր բոլոր-բոլոր քոյրներուն ու եղբայներուն:
Մեզ ատոր համար չեն ծնած, որ լոյս աչքով երկիր ու շէն բաշխենք՝ մեզի ծաղրող, մեր ննջեցեալները դիւադադար ընող, մեր զաւակները մորթող թշնամիին:
Եւ յանուն վաղուայ օրուան մենք պիտի գտնենք մեզի ու կրկին դառնանք բռունցք ըրած պայքարող:
Նամակը բաց է միացողներուն համար: Կրկնօրինակեք, աւելցուցէք ձեր անունը ու տարածեցէք: