
Ստեփանակերտի Մէջ Բողոքի Ցոյց Եղած է
Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ այսօր հասարակական եւ ընդդիմադիր ուժերու խումբ մը ներկայացուցիչներ բողոքի ցոյց ըրած են՝ 2020 թ․ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան պայմաններու կատարման եւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը պատշաճ մակարդակով ապահովելու պահանջով։ Այս մասին կը տեղեկացնէ artsakhpress.am-ը։
Ցոյցի կազմակերպիչներէն, Արցախի Յեղափոխական կուսակցութեան նախագահ Արթուր Օսիպեանը Artsakhpress.am-ի թղթակիցի հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուցած է, որ նախօրէին՝ վերջին օրերու լարուածութեան հարցով հանդիպում ունեցած են ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար, զօրավար-մայոր Անտրէյ Վոլգովի հետ:
«Մենք պահանջած ենք, որ ըստ անհրաժեշտութեան՝ պէտք է յստակ քայլեր ձեռնարկուին, որովհետեւ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը պաշտօնապէս ստանձնած է Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման պատասխանատւութիւնը: Խաղաղ բնակչութիւնը այդ իսկ տրուած երաշխիքներուն հիման վրայ վերադարձած է:
Ազրպէյճանա-թրքական ահաբեկչական մեքենային մենք միայնակ չենք կրնար դիմադրել. կը պահանջենք քաղաքական որոշումներ, որոնք պէտք է կայացնեն աշխարհի գերտէրութիւնները, յանձինս՝ Ռուսիոյ, որ ստանձնած է տարածաշրջանի խաղաղութեան երաշխաւորի դերակատարութիւնը»,- ըսած է Ա. Օսիպեան:
Ցոյցի մասնակից, Հադրութի քաղաքապետ Վահան Սաւադեանի խօսքով՝ եթէ այսուհետեւ իրավիճակի լիցքաթափման եւ խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ ռուսական խաղաղապահ ուժերը կտրուկ միջոցներ չձեռնարկեն, ստիպուած պիտի ըլլալն շարունակելու բողոքի ցոյցերը: