Բերձորի եւ Աղաւնոյի Բնակիչներուն Մինչեւ Օգոստոս 25 Ժամանակ Տրուած Է Բնակավայրերէն Հեռանալու

Հայաստան

Արցախի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեանը մինչեւ Օգոստոս 25 ժամանակ տուած է Աղաւնոյի եւ Բերձորի բնակիչներուն իրենց բնակավայրերէն դուրս գալու համար։ Այս մասին, Օգոստոս 5-ին, NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Աղաւնոյի գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեան։

«Հայկ Խանումեանը մեզի ներկայացուցած է տարհանման ծրագիրը՝ ըսելով ով ուր պիտի երթայ եւ ինչ պիտի ընէ։ Մենք թուղթ պիտի լրացնենք, պիտի նշենք՝ իւրաքանչիւրս ուր պիտի երթանք։ Ընդհանուր առմամբ՝ գիւղի բնակիչները պատրաստ էին, գիտէին՝ ինչ պիտի ըլլայ: Այսքան ժամանակ մեզի չէին աջակցեր, զօրք չէին բերեր: Ժողովուրդին, եթէ զէնք բերեն, հզօրացնեն, բոլորն ալ պայքարող են: Ոչ ոք կ՝ուզէ իր տունէն դուրս գալ»,- նշեց Չաւուշեան:

Անդրանիկ Չաւուշեանի խօսքով՝ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ եւս հարցը քննարկուած է։

«Նախագահը չի կրնար բացատրել եւ պատճառաբանել, քանի որ ինքը բանակցող կողմ չէ: Ես չեմ արդարացներ զինք, բայց իրմէ ի՞նչ պահանջենք: Փաշինեանը հասցուցած է այս վիճակին: Իր կարգախօսն է՝ բոլորը մեղաւոր են բացի ինքը»,- ընդգծեց Անդրանիկ Չաւուշեան։