ԱՄՆ Ծերակոյտի Միջազգային Յարաբերութիւններու Կոմիտէն Ազրպէյճանցիներուն Տարածաշրջանը Լքելու Կոչ Ըրած է

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ Ծերակոյտի միջազգային յարաբերութիւններու կոմիտէն կոչ ըրած է ազրպէյճանցիներուն լքելու տարածաշրջանը։

«Ազրպէյճանի մահաբեր յարձակումները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ոչ միայն հրադադարի խախտում են, այլեւ յարձակման անոր վերջին տարբերակին անընդունելի շարունակութիւն։ Ազրպէյճանական ուժերը պէտք է հեռանան տարածաշրջանէն եւ դադրեցնեն ռազմական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։