
Սահմանագծի Ողջ Երկայնքով Մարտավարական Իրադրութիւնը Յարաբերական Կայուն է․ Արցախի Տեղեկատուական Շտաբ
Օգոստոս 4-ին, ժամը 19:00-ի դրութեամբ, սահմանագծի ողջ երկայնքով մարտավարական իրադրութիւնը յարաբերական կայուն է: Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի տեղեկատուական շտաբը:
Օրուան ընթացքին էական խախտումներ չեն արձանագրուած:
Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան միջնորդութեամբ՝ շարունակաբար քայլեր կը ձեռնարկուին իրավիճակի լիցքաթափման ուղղութեամբ: