Հայաստանի Ճատրակի Տղոց Հաւաքականը Յաղթեց Հնդկաստանին Եւ Գրաւեց Առաջին Դիրքը

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Հնդկաստանի Շենայ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի Համաշխարհային 44-րդ Ողիմպիականի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Հնդկաստանի Բ. խումբին դէմ, արձանագրելով 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը, գրաւեց դասաւորման առաջին դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով առաւելագոյն 12 կէտը:

Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան յաղթանակներ արձանագրեցին, Հրանդ Մելքումեան` հաւասարութիւն մը, մինչ առաջին խաղատախտակին վրայ մրցող Գաբրիէլ Սարգսեան պարտութիւն կրեց՝ սեւ քարերով:

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, Հայաստան 3,5-0,5 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Անգլիան, արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը:

Հայաստանի աղջիկները 6-րդ հանգրուանէն ետք այժմ ապահոված են 10 կէտ:

Այսօր` Հինգշաբթի, 4 Օգոստոսը հանգիստի օր էր: