Կոչ Կ՝ընենք Միջազգային Բոլոր Կազմակերպութիւններուն Գործնական Քայլեր Ձեռնարկելու Ազրպէյճանի Դէմ՝ Կանխելու Համար Նոր Ոճրագործութիւնները. ԱՀ ԱԺ Խմբակցութիւններ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններուն յայտարարութիւնը.

Օգոստոս 1-էն Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանագիծի տարբեր հատուածներու վրայ Ազրպէյճանի զինուած ստորաբաժանումները դիմած են սադրիչ ռազմական գործողութիւններու, որուն հետեւանքով ունինք զոհեր եւ վիրաւորներ:

ԱՀ Աժ խմբակցութիւնները Ազրպէյճանի հերթական ոտնձգութիւնները կը համարեն 2020 թուականի Նոյեմբերին ձեռք բերուած հրադադարի կոպիտ խախտում, որ նպատակ կը հետապնդէ շարունակելու հայատեացութեան քաղաքականութիւնը եւ խուճապային տրամադրութիւններ ստեղծելու Արցախի մէջ: Ազրպէյճանը Հայաստանն ու Ռուսիան պարբերաբար կը մեղադրէ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները չկատարելու մէջ, այն պարագային, երբ այդ յայտարարութեան գրեթէ որեւէ կէտ չէ կատարուած նոյնինքն Ազրպէյճանի կողմէ:
 

Այս վարքագիծը մեզի համար նորութիւն չէ։ Ազրպէյճանը մշտապէս վարած է ցեղական զտումներու, բռնատեղահանութեան քաղաքականութիւն, հետեւողականօրէն խախտելով Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն կենսական շահերն ու իրաւունքները։ Վերջին օրերու իրադարձութիւնները՝ զոհերու եւ վիրաւորներու առկայութիւնը մէկ անգամ եւս կը փաստեն, որ Ազրպէյճանի կազմին մէջ խաղաղ գոյակցութիւնը Արցախի համար բացառուած է։ Խաղաղութիւնը բարձրագոյն արժէք է, սակայն խաղաղութիւն չ՝ըլլար ուժի սպառնալիքի տակ, մարդու իրաւունքներու եւ արժանապատւութեան շարունակական ոտնահարմամբ։
 

2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին մենք ականատես եղանք միջազգային հանրութեան լռութեան եւ այդ ժամանակահատուածին Արցախի ժողովուրդին դէմ կիրառուած բոլոր յանցագործութիւնները չարժանացան համարժէք դատապարտման, որուն պատճառով Ազրպէյճանը կը շարունակէ ընդլայնել յարձակողական գործողութիւններուն ծաւալները։

— Կոչ կ՝ընենք տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն եւ միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն խստօրէն դատապարտելու Ազրպէյճանի վերջին գործողութիւնները եւ գործնական քայլեր ձեռնարկելու կանխելու համար նոր ոճրագործութիւնները․

— Կը յորդորենք ռուս խաղաղապահները իրականացնելու բոլոր անհրաժեշտ գործողութիւնները՝ ապահովելու սահմանագիծի կայունութեան հաստատումը

Գլուխ խոնարհելով Արցախեան ազատագրական պայքարի բոլոր զոհերուն առջեւ՝ մէկ անգամ եւս կը հաստատենք մեր ժողովուրդի ազատ եւ անկախ պետութիւն ունենալու իրաւունքը՝ իբրեւ անվտանգ ու ապահով ապրելու միակ գրաւական։

«Ազատ Հայրենիք – ՔՄԴ»

«Միասնական հայրենիք»

«Արդարութիւն»

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն»

«Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն»

ք. Ստեփանակերտ

04082022թ