
Թրքական Լրատուամիջոցներու Անդրադարձը՝ Արցախի Մէջ Տիրող Իրավիճակին
Արցախի մէջ տիրող լարուածութիւնը եւ ռազմական գործողութիւնները դուրս չեն մնացած թրքական լրատուամիջոցներու ուշադրութենէն։ Արցախի պաշտպանութեան բանակի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու գործողութիւնները լուսաբանելով՝ թրքական լրատուամիջոցները ցուցաբերած են խիստ կողմնակալ եւ առաւելապէս քարոզչական մօտեցումներ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։
Թուրքալեզու լրատուադաշտի հրապարակումները ուշադրութիւն կը գրաւեն բովանդակային հետեւեալ յատկանիշներով.
1․ Ազրպէյճանական կողմի յայտարարութիւններու տարածում՝ ազրպէյճանական կողմի եզրաբանութեան կիրառումով։
2. Ռուսական կողմի յայտարարութեան տարածում, բայց հակառուսական որոշակի երանգաւորումով։
3․ Առաջնակարգ լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու հարթակներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու (ԱԹՍ) գործողութեան մասին տեսանիւթերու տարածում՝ «Bayraktar TB2» ԱԹՍ-ներու դերի շեշտադրումով:
4․ Միջազգային BBC-ի եւ DW-ի լրատուականներու թրքական ծառայութիւնները նիւթին անդրադարձած են աւելի ընդգրկուն՝ ներառելով ազրպէյճանական, հայկական կողմերու յայտարարութիւնները եւ միջազգային հանրութեան արձագանգները։ Բայց անոնց մէջ թէ՛ ծաւալային, թէ՛ բովանդակային եւ թէ՛ շեշտադրումներու առումով առաւելութիւնը տրուած է ազրպէյճանական կողմի յայտարարութիւններուն։ Կիրառուած է նաեւ ազրպէյճանական քարոզչական եզրաբանութիւնը։