Արաքս Մանսուրեան. Օփերայի երգչուհի

Այլեւայլ

Ծնած է Լիբանան, ուրկէ՝ մէկ տարեկանին՝ ծնողներուն հետ տեղափոխուած է Հայաստան։ Միջնակարգ դպրոցը աւարտելէ ետք՝ ընդունուած է Երեւանի Ռ. Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարան, որուն չորսամեայ կրթութիւնը աւարտելէ ետք՝ ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական
երաժշտանոց: Ուսանողական տարիներուն, նախկին ԽՍՀՄ քաղաքներու մէջ, մասնակցած է երիտասարդ երգահաններու փառատօներունկատարելով երիտասարդ երգահաններու վոկալ գործերը, որոնք կը գրուէին յատուկ իր ձայնին համար: Եղած է շատ հեղինակներու գործերուն առաջին կատարողը Գ.Չտչեանի, Ռ.Սարգսեանի, Ե.Յարութիւնեանի, Հ.Մելիքեանի, Մ.Վարդազարեանի, Մ. Իսրայէլեանի, նաեւ իր եղբօր Տիգրան Մանսուրեանի: Ելոյթներ ունեցած է փրոֆէսըր Ռ. Աթայեանի նուագակցութեամբ ըլլալով
կոմիտասեան շարք մը երգերու առաջին մեկնաբանողը, նաեւ առաջին եւ միակ կատարողը Կոմիտասի անաւարտ «Անոյշ» օփերայի: 1974-ին աւարտած է երաժշտանոցը եւ ընդունուած Հայաստանի օփերայի եւ պալէի պետական թատրոնըիբրեւ մեներգչուհի: Երգած է շարք մը դերերգեր, որոնցմէ են Էլիզապէթ («Տոն Կարլոս»), Նեդդա («պայացներ»), Լէոնորա («տրուբադուր»), Աիտա («Աիտա»), Շուշան («Դաւիթ-Բեկ»), Անոյշ («Անոյշ»):

Մենահամերգներ ունեցած է Հայաստանի եւ արտասահմանեան շարք մը երկիրներու մէջերգացանկին վրայ՝ եւրոպական երգահաններու կողքին ունենալով Կոմիտաս, հոգեւոր միջնադարեան երգեր, հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններ: Արաքս Մանսուրեան 19 տարի է, որ կը բնակի Աւսրտրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ։ Տեղի Օփերա Հաուզի մենակատարն է, զուգահեռաբար կը դասաւանդէ Սիտնիի երաժշտանոցէն ներս օտարները ծանօթացնելով հայկական երգարուեստի հետ: Անոր շնորհիւ բազմաթիւ օտար երիտասարդ երգիչներու երգացանկերուն մէջ տեղ կը գտնեն Կոմիտասի, Կանաչեանի, Մելիքեանի, Սպենդիարեանի եւ այլ հայ երաժիշտներու
ստեղծագործութիւններ:

2015-ին, Հանրապետութեան տօնին առիթով, Մանսուրեան պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» առաջին աստիճանի մետալով։ Պարգեւատրուած է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս»-ի անուան մետալով։