
Ոստիկանները Ուժի Կիրառումով Բերման Ենթարկեցին ՀՀ Կառավարութեան Դիմաց Բողոքի Ցոյց Ընող Քաղաքացիները
Ոստիկանութիւնը քիչ առաջ ուժի կիրառումով բերման ենթարկեց ՀՀ Կառավարութեան շէնքին դիմաց բողոքի ցոյց ընող կին մը, ինչպէս նաեւ լրագրող, գրող Վահան Իշխանեանի որդին՝ Յովհաննէս Իշխանեանը, որ ոստիկաններէն կը պահանջէր ներկայացնել կինը բերման ենթարկելու հիմքերը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը։
Կառավարութեան դիմաց բողոքի ցոյցին կը մասնակցէր նաեւ «Զարթօնք» ազգային-քրիստոնէական կուսակցութեան հիմնադիր անդամ Վահագն Չախալեան, որ յայտնեց, որ մարդոց բերման ենթարկելով ոստիկանները կը փորձեն այնպէս ընել, որ մարդիկ չմիանան ցոյցին եւ չկարենան իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնել Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն դէմ։
Չախալեանը նաեւ նշեց, որ Հայաստանի մէջ գործող բոլոր երկիրներու դեսպանները պէտք է հիմա իսկ հաւաքել Կառավարութեան շէնքին դիմաց եւ ներկայացնել, թէ ինչ կը կատարուի Արցախի մէջ։