Արցախի ՊԲ-ն Երկու Զոհ Ունի. 14 Զինծառայող Տարբեր Աստիճանի Վնասուածքներ Ստացած է

Հայաստան

Օգոստոս 3-ին, ժամը 09։00-էն սկսեալ, ազրպէյճանական ստորաբաժանումները, կոպտօրէն խախտելով հրադադարի պահպանումը, թիրախ դարձուցած են պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) մարտական դիրքերն ու զօրամասերէն մէկուն մշտական տեղակայման վայրը՝ բացի տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կիրառելով նաեւ ականանետեր, նռնականետեր եւ հարուածային ԱԹՍ-ներ, որոնց հետեւանքով զոհուած են ՊԲ պայմանագրային զինծառայողներ Գուրգէն Գալերիի Գաբրիէլեանը եւ Արթուր Եուրիի Խաչատրեանը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի ՊԲ-ն:

«ԱՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Եւս 14 զինծառայող տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած է:

Արցախի Հանրապետութեան մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ՌԴ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ միջոցներ կը ձեռնարկուին իրադրութիւնը կայունացնելու ուղղութեամբ։

Ժամը 18։00-ի դրութեամբ անմիջական մարտավարական իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայուն է: Յետագայ զարգացումներուն վերաբերեալ ԱՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս պիտի գայ հաղորդագրութիւններով»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: