Օֆելիա Համբարձումեան. Երգչուհի

Տեսադարան

Օֆելիա Համբարձումեան ծնած է 1925-ին, Երեւան: Պատանի տարիքէն մասնակցած է դպրոցականներու քաղաքային պալատի ժողովրդական նուագարաններու անսամպլի աշխատանքներունիր զրնգուն ձայնով գերելով ունկնդիրները: Օֆելիան աւարտած է Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանը, ապա հրաւիրուած է ռատիոյի ժողովրդական նուագարաններու անսամպլ, հանդէս եկած Արամ Մերանգուլեանի գլխաւորած անսամպլին մէջ կատարելով հայ աշուղական, ժողովրդական երգեր: 1944-էն
եղած է հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի ժողովրդական գործիքներու անսամպլի մեներգչուհի:

Երգեցողութիւնը կ՝առանձնանայ խոր արտայայտչականութեամբ, ազգային վառ երանգաւորումով:

Երգացանկը կ՝ընդգրկէ յատկապէս հայ ժողովրդական, գուսանական եւ աշուղական երգեր: Երգչուհիի ստեղծագործութեան մէջ առաջնային տեղ գրաւած են Սայաթ-Նովայի ստեղծագործութիւնները: Երգած է է Ֆարհատի, Միսքին Պուրճիի, Ջիւանիի, Շերամի երգերը: Անոր ստեղծագործական թռիչքները
կապակցուեցան շուղներ Հաւասիի, Աշոտի եւ Շահէնի ստեղծագործութիւններուն, որոնցմէ շատերու առաջին կատարողը ինքը եղաւիր կատարումները ուղեցոյց դարձնելով բոլոր երգիչ-երգչուհիներուն համար: Աշուղ Աշոտը խոստովանած է, որ «Օճախում», «Դու ծաղկավառ Զանգեզուրի» եւ շարք մը այլ երգեր յօրինած է յատկապէս Օֆելիա Համբարձումեանի համար: Շահէնը իր «Էլինար» պոէմը գրած է Օֆելիա Համբարձումեանի համար ամէն ինչ կառուցելով երգչուհիի ձայնական իւրայատկութիւններուն վրայ: Անգերազանցելի են Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութիւններու հիման վրայ գրուած շարք մը
երգերու կատարումներ, որոնց մէջ ակնառու դարձաւ բանաստեղծական սիւժէի ներքին ողբերգականութիւնը:

Օֆելիա Համբարձումեան համերգներով հանդէս եկած է ԱՊՀ քաղաքներու եւ արտասահմանեան հայաբնակ երկիրներու մէջ ինչպէս Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս, Ֆրանսա, ԱՄՆ: 21-րդ դարուն Օֆելիան բեմի
վրայ այլեւս հանդէս չէ եկած:

Մահացած է 2016-ին, Երեւան։