Արցախցի Մարզիկները Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերէն Մրցանակներով Վերադարձած են

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը (ՀՄԸՄ) աւելի քան մէկդարեայ պատմութիւն ունեցող կառոյց է, որ աշխարհի տարբեր երկիրներէ հայ մարզիկները համախմբելու նպատակով՝ 4 տարին մէկ անգամ կ՝իրականացնէ մարզական խաղեր:

Յուլիս 20-30, ՀՀ-ի մէջ իրականացուեցան  համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը, որուն մասնակցեցան 20 երկրի 650 հայ մարզիկներ: Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերուն Արցախը կը մասնակցէր առաջին անգամ: Արցախցի մարզիկները իրենց ուժերը փորձեցին սեղանի թենիս, աթլեթիքա եւ վոլիպոլ մարզաձեւերուն մէջ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։

Յուլիս 27-28, արցախցի թենիսիստները, մասնակցելով սեղանի թենիսի մրցումներուն, գրաւեցին հետեւեալ պատուաւոր տեղերը.

Սերգէյ Աւանէսեան՝ 1-ին տեղ

Եանա Պետրոսեան՝ 1-ին տեղ

Հրայր Սողոմոնեան՝ 2-րդ տեղ

Խումբի մարզիչ` Ալիկ Յովհաննէսով:

Իսկ վոլիպոլի աղջիկներու խումբը համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերուն գրաւեց 3-րդ մրցանակային տեղը: Խումբի մարզիչներն են Մելորա Մնացականեանն ու Գայիանէ Մելքումեանը:

Արցախի խումբը կը գլխաւորէր ՀՄԸՄ Արցախի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Գրիգորեան։