
Ախալքալաքի Մէջ Մեկնարկեց Յոբելենական «Ջաւախք» Ճամբարը
Օգոստոս 1-ին, Ախալքալաքի երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ (ԱԵԿ) տեղի ունեցաւ «Ջաւախք» ճամբարին բացումը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ jnews.ge-էն։
Ճամբարը հիմնադրուած էր 10 տարի առաջ: Ախալքալաքի մէջ մօտ 150 երեխայի ամառնային արձակուրդի 6 օրը կ՝անցնի երգ ու պարով, տարբեր խաղերով եւ ուրախ տրամադրութեամբ, որ կ՝ապահովեն ամերիկահայ երիտասարդ ջոկատավարները:

Բացման արարողութիւնը մեկնարկեց Տէր Նարեկ քահանայ Տիգրանեանի գլխաւորութեամբ՝ Տէրունական աղօթքով։ ԱԵԿ-ի պատասխանատու Կարինէ Թադեւոսեան նախ ողջունեց ներկաները, այնուհետեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի օրհներգերուն ներքոյ տրուեցաւ «Ջաւախք» ճամբարին 10-րդ մեկնարկը:



«Ջաւախք» ճամբարը Վրաստանի Հայ Օգնութեան Միութեան ծրագիրն է, որ կ՝իրականացուի Ամերիկայի արեւելեան ափի երիտասարդներուն նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական կազմակերպութեամբ։ Ծրագիրը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս կ՝իրականացուի Սամցխէ-Ջաւախքի 4 շրջաններուն մէջ: Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի մէջ ճանբարը մեկնարկեց Օգոստոս 1-ին, իսկ 2-րդ փուլով պիտի իրականացուի Նինոծմինդայի եւ Ծալկայի Դարա գիւղինմէջ։
«Խմբապետները ժամանած են Յուլիս 31-ին, անոնց թիւը 13-ն է։ Բացի ճամբար իրականացնելէն, անոնք ունին նպատակ Ջաւախքը ճանչնալու եւ իրենց հետ տանելու ինչպէս պատկերներով, այնպէս ալ պատմութիւններով ու նկարագրերով: Այս 9 տարիներուն ընթացքին ատիկա եղած է, անոնք կ՝իրականացնեն նաեւ ճանաչողական պտոյտներ»,- ըսած է ԱԵԿ-ի պատասխանատու Կարինէ Թադեւոսեան:
Խմբապետ Անի Խաչատուրեանը Ամերիկայի Պոսթըն քաղաքէն է, ան 2012 թուականէն ի վեր ամէն տարի կու գայ Ջաւախք՝ իրականացնելու «Ջաւախք» ճամբարը։

«Ախալքալաքի մէջ ունինք 6 խմբապետ, գործը շատ է, բայց բախտաւոր ենք, որ Ջաւախքէն օգնականներ ունինք, 2012-ին «Ջաւախք» ճամբարը նպատակ մըն էր, եւ հիմա արդէն 10-րդ տարին է, որ այստեղ ենք, 9-րդ անգամն է, որ կու գամ եւ ճամբարի մասնակից եմ: Դժբախտաբար, քորոնավիրուսի պատճառով 2 տարի չկրցանք իրականացնել։ Մեր նպատակն է, որ Ամերիկայի եւ Ջաւախքի ընկերները ճանչնան զիրար, շփուին իրարու հետ, զգանք, որ այստեղ ենք եւ մէկ ընտանիք ենք»,- Jnews-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ճամբարի խմբապետ Անի Խաչատուրեան:
«Ջաւախք» ճամբարին փակումը Ախալքալաքի մէջ տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 6-ին։