
Մարի Սուքիասեան (Փարիզ Փիշմիշ) . Աստղագէտ
Սփիւռքահայ անուանի գիտնականներուն մէջ կ՝առանձնանայ մեքսիքացի կին աստղագէտ Փարիզ Փիշմիշը. ան առաջին կին աստղագէտներէն էր, որ ոչ միայն հասաւ գիտական մեծ յաջողութիւններու, այլեւ խթանեց կին աստղագէտներու յետագայ աշխուժութիւնը եւ մեծ դեր խաղաց ամբողջ մեքսիքական աստղագիտութեան զարգացման մէջ:
Փարիզ (Պարիս) Փիշմիշը ծնած է 1911-ին, Կ. Պոլիս: Ծագումով հայ, անոր իսկական անունն էր Մարի Սուքիասեան: Ուսումը ստացած է տեղի Սեմերճեան ճեմարանին եւ ամերիկեան վարժարանին մէջ:
Այնուհետեւդառնալով Պոլսոյ համալսարան յաճախող առաջին կիներէն մէկը, 1933-ին աւարտած է զայն փայլուն ցուցանիշներով: Դեռ ուսանողական տարիքին կ՝աշխատակցի Պոլսոյ համալսարանի դիտարանին: 1935-36թթ. կը դասաւանդէ Պոլսոյ Կեդրոնական Սանասարեան վարժարանէն ներս, ապա կը տեղափոխուի ԱՄՆ: Այն տարիներուն կիները գիտութեան մէջ չէին խրախուսուեր եւ չափազանց դժուար էր տեղ գտնել մասնագիտական աստղադիտարանին մէջ: Սկիզբը Փիշմիշը կ՝աշխատի իբրեւ թարգմանիչ, այնուհետեւ իբրեւ օժանդակ գիտակաշխատակից Էրուին Ֆինլի-Ֆրոյնտլիխի մօտ, որ յետագային անոր կ՝օգնէ յաճախելու Հարուըրտի համալսարան: Փիշմիշ կ՝ընդունուի Հարուըրտի համալսարանի գիտութիւններու բաժանմունք, կ՝աւարտէ զայն եւ 1937-ին կը ստանայ ուսողութեան գծով գիտութիւններու դոկտորի աստիճան: Անոր ղեկավարներն էին փրոֆէսըրներ Ռ. Ֆոն Մայզիսը եւ Ֆինլի-Ֆրոյնտլիխը: 1939-ին կը դառնայ Հարուըրտի քոլէճի աստղադիտարանի (HCO) կրտսեր գիտակաշխատակից եւ այդ պաշտօնին վրայ կը մնայ մինչեւ 1942: Այդ տարիները կարեւոր դեր կը խաղան Փիշմիշի
իբրեւ մասնագէտ աստղագէտի ձեւաւորման գործին մէջ: HCO-ի մէջ ան այնպիսի աստղագէտներու մտաւոր ոգեւորիչ շրջապատի մէջ էր, ինչպէս Հարլոու Շեփլին, Սեսիլիա Փէյն-Կաբոշգինը, Պարթ Պոգը, Տանըլտ Մենզելը, Ֆրէտ Ուիփլը,
ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այցելու աստղագէտներ:
Փարիզ Փիշմիշը մահացած է 1999-ին։