Անհանգստանալու եւ Խուճապի Մատնուելու Կարիք Չկայ, Ամէն Ինչ Մեր Զինուած Ուժերու Վերահսկողութեան Տակ է. Դաւիթ Բաբայեան

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան Facebook-ի իր էջին միջոցով անդրադարձած է Արցախի եւ Ազրպէյճանի սահմանագօտիին վրայ տիրող իրավիճակին՝ նշելով, որ անհանգստանալու եւ խուճապի մատնուելու կարիք չկայ։

«Խօսելով Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին մասին, ըսեմ, որ անհանգստանալու եւ խուճապի մատնուելու կարիք չկայ, ամէն ինչ կը գտնուի մեր զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ․ միայն կը խնդրեմ հետեւիլ բացարձակապէս պաշտօնական լրահոսին եւ սադրանքներու չդիմել»,- գրած է ան։