Ազրպէյճանական Ստորաբաժանումները Սադրանքի Դիմած Են՝ Կատարելով Սահմանագիծը Հատելու Փորձեր

Աշխարհ, Հայաստան

Օգոստոս 1-ին, ժամը 09:00-էն սկսեաք, Արցախի Հանրապետութեան հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւմտեան սահմանագօտիի շարք մը հատուածներու վրայ ազրպէյճանական ստորաբաժանումները դիմած են սադրանքի՝ կատարելով սահմանագիծը հատելու փորձեր, որոնք կասեցուած են ՊԲ ստորաբաժանումներուն ուժերով: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Հայկական կողմէն կորուստներ չկան:

Իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած:

Կատարուածին մասին հանգամանալից տեղեկատւութիւն տրամադրուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան: