
Ազրպէյճանական Իշխանութիւններու Յանցաւոր Վարքագիծը Կը Շարունակէ Հետապնդել Նոյն Հայատեաց ու Ցեղասպան Նպատակները. ԱՀ ՄԻՊ
Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան անդրադարձած է Թաղավարդ եւ Կարմիր Շուկա համայնքներու ուղղութեամբ Ազրպէյճանի յանցաւոր վարքագիծին.
«Յուլիս 28-ին՝ ժամը 11:45-ի սահմաններուն, ազրպէյճանական կողմը կրակոցներ արձակած է Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի շրջանի Թաղավարդ եւ Կարմիր Շուկա համայնքներուն ուղղութեամբ։
Կրակոցները տեւած են շուրջ 20 վայրկեան, որուն հետեւանքով փափուշտները թափած են համայնքներու բնակելի հատուածներուն մէջ։ Այս պահուն ձեռք բերուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ խոցուած է Կարմիր Շուկա համայնքի բնակիչներէն մէկուն պատկանող տան պատուհանը, նոյն տան բակին մէջ յայտնաբերուած է հրաձգային զինատեսակի 8 փամփուշտ։ Քաղաքացիական բնակչութեան մէջ տուժածներ չկան։
Ազրպէյճանական կողմի յարձակողական վարքագիծը նպատակ ունի խաթարելու բնականոն կեանքը Արցախի համայնքներուն մէջ եւ ահաբեկելու քաղաքացիական բնակչութիւնը։ Այս վարքագիծը կը ցուցադրէ, որ ազրպէյճանական ղեկավարութիւնը կը շարունակէ վարել Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ ատելութեան, հոգեբանական ու ֆիզիքական բռնութեան կիրառման, Արցախի ցեղական զտման քաղաքականութիւն։
Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու դիտաւորեալ խախտումներու յանգեցնող գործողութիւններուն նոյնիսկ կարճատեւ դադարները եւ կեղծ խաղաղասիրութեան դրսեւորումները Ազրպէյճանի կողմէ ներկայացուող բեմադրութեան վարուելագիտական (tactical) մաս են եւ միջազգային հանրութիւնը մոլորեցնելու նպատակադրուած ու շինծու վարքագիծ։ Միջնորդներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ տեղակայուած խաղաղապահներու համար առաւել քան յստակ պէտք է ըլլան ազրպէյճանական կողմի իրական նպատակներն ու ձգտումները, եւ ըստ այդմ միջազգային հանրութեան աչքին փոշի փչելու ազրպէյճանական ցանկացած գործողութիւն պէտք է ստանայ իրական գնահատական եւ հակազդեցութիւն։
Ազրպէյճանական իշխանութիւններու յանցաւոր վարքագիծը ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ այսօր որեւէ փոփոխութեան չէ ենթարկուած ու կը շարունակէ հետապնդել նոյն հայատեաց ու ցեղասպան նպատակները»: