Հայկական Առաջին Եկեղեցին՝ Սպանիոյ Մէջ

Սփիւռք

Սպանիոյ Մալակա քաղաքին մէջ կատարուած է նորակառոյց հայկական եկեղեցւոյ «Դռնբացէք»-ը եւ սրբապատկերներու օծման արարողութիւնը։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան դիւանէն։

21-23 Յուլիսին, այս նպատակով, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ` Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան հովուական այցելութիւն տուած է Սպանիոյ հարաւը գտնուող Մալակա քաղաք։

«Արարողութենէն առաջ Սրբազան Հայրը ուղեկցութեամբ Սպանիոյ եւ Փորթուկալի մէջ Հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Տէր Շնորհք աբղ. Սարգսեանի՝ հանդիպում ունեցաւ տեղի եկեղեցական խորհուրդի անդամներուն հետ` քննարկելու համար յառաջիկային եկեղեցւոյ վերջնական օծման, կիրակնօրեայ դպրոցի բացման եւ ընդհանրապէս համայնքային կեանքը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ ըստ պատշաճի կազմակերպելու հարցեր:

Ժողովէն ետք՝ Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի  նախագահութեամբ եւ ընթերակայութեամբ հայրապետական պատուիրակի փոխանորդի՝ կատարուեցաւ եկեղեցւոյ «Դռնբացէք»-ի արարողութիւնն ու Սրբապատկերի օծման կարգ:

Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով բոլոր ներկաներուն նշեց, որ այս եկեղեցին պէտք է ըլլայ բոլոր հայերուն տունը եւ բոլորը հոգ պէտք է տանին զայն կեանքով լեցնելու համար:

Սրբազան Հայրը նաեւ իր գնահատանքի խօսքը յայտնեց բոլոր բարերարներուն, որոնք մտայղացած ու միասնականօրէն իրականութիւն դարձուցած են Սպանիոյ մէջ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի ունենալու գաղափարը, որ ի դէպ առաջին հայկական եկեղեցին է ողջ Սպանիոյ տարածքին:

Յաւարտ եկեղեցական արարողութիւններուն, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան համերգ, ուր հնչեցին Կոմիտասի Պատարագէն հատուածներ եւ կոմիտասեան այլ ազգային երգեր»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: