Աւելի Քան Վստահ Եմ, Որ Սեպտեմբեր 2-ին Ոեւէ Մէկը ՀՀ-էն Բարձր Մակարդակով Արցախ Պիտի Չայցելէ. Արթուր Մոսիյեան
Արցախէն միշտ ալ հրաւէրներ եղած են, բայց, դժբախտաբար, միշտ չէ, որ ՀՀ իշխանութիւնները արձագանգած են: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց Արցախի ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Մոսիյեան՝ անդրադառնալով, որ Արցախի ԱԺ նախագահ Արթուր Թովմասեանը հրապարակաւ հրաւէր ուղարկած է Հայաստանի ԱԺ բոլոր խմբակցութիւններուն՝ մասնակցելու Սեպտեմբեր 2-ին Արցախի անկախութեան տարեդարձին:
«Աւելին, միշտ Սեպտեմբեր 21-ին Հայաստանի կողմէ հրաւէր եղած է Արցախի իշխանութիւններուն, բայց վերջին անգամ միայն համերգի հրաւիրեցին Արցախի ԱԺ նախագահը, որ չի մասնակցեցաւ, եկաւ Եռաբլուր եւ վերադարձաւ:
Այս պահուն Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն միջեւ կապ, իբրեւ այդպիսին, չկայ: Կայ Նիկոլ Փաշինեան-Արայիկ Յարութիւնեան անձնական կապ: Անոնք միջպետական յարաբերութիւնները վերածած են անձնական յարաբերութիւններու: Ո՛չ ԱԳՆ-ի, ո՛չ խորհրդարանի, ո՛չ Անվտանգութեան խորհուրդի մակարդակով որեւէ յարաբերութիւն չկայ, բացի մարդասիրական 1-2 խնդրի լուծման համար կապէն»,- ըսաւ Մոսիյեան:
Ան նկատեց, որ Արցախի ԱԺ նախագահը անուղղելի լաւատես է այդ հարցով, որովհետեւ տասնեակ հրաւէրներ եղած են, եւ բացի ընդդիմադիր խմբակցութիւններէն՝ ոեւէ մէկը Արցախ չի գար։
Դիտարկման, թէ Սեպտեմբեր 2-ին Արցախ չայցելելով՝ ՔՊ-ականները հաւանաբար որոշակի հաղորդագրութի՞ւն կը յղեն Պաքուին, Մոսիյեանը արձագանգեց. «Մինչեւ Ազրպէյճանին հաղորդագրութիւն ուղարկելը մեր ՔՊ-ական իշխանութիւնը աւելի լաւ է՝ դրական հաղորդագրութիւններ փոխանցէ Արցախին եւ ցոյց տայ, որ Արցախի այս ծանր, վիրաւոր վիճակին մէջ ինքը Արցախի կողքին է: Ես ոչ թէ յոռետես եմ, այլ տառապանքս փորձ ունի: Ձեզի չի՞ հետաքրքրեր, թէ ինչու ՀՀ իշխանութիւնները չեն այցելեր Արցախ: Ես աւելի քան վստահ եմ, որ ոեւէ մէկը բարձր մակարդակով պիտի չայցելէ: Աւելին, կրնան կրկին ցանկ տան, որ ընդդիմադիրներն ալ չայցելեն»:
ՀՅԴ-ական պատգամաւորը նաեւ աւելցուց. «Վերջին ժամանակներս Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի՝ Արցախի վերաբերեալ ըրած արտայայտութիւնները գրեթէ չեն տարբերիր»:
