Աննա Տէր-Վարդանեան. ԱՄՆ Ռազմածովային Ուժերու Առաջին Կին Գերագոյն Գլխաւոր Աւագը
Համաշխարհային պատմութիւնը կ՝ապացուցէ, որ ռազմական գործի մէջ կանայք տղամարդկանց մրցակից չեն կրնար ըլլալ: Բայց, այստեղ եւս կան բացառութիւններ:
1920-ին ծնած Աննա Տէր-Վարդանեան եղած է ԱՄՆ ռազմածովային ուժերու առաջին կին գերագոյն գլխաւոր աւագը: Ան այս կոչումը ստացած է 1959-ին Նիւ Փորթի (Ռոտ Այլընտ) ռազմածովային քոլէճին մէջ եւ դարձած է զինուած ուժերուն մէջ ծառայող առաջին կինը, որ արժանացած է E-9 կոչումին:
Տէր-Վարդանեանները ընտանիքով ներգրաւուած էին ռազմական գործին մէջ: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը սկսելէն կարճ ժամանակ անց՝ Աննան կամաւոր կը զինուորագրուի, քոյրը՝ Ճին Օլիվըրը, կը ծառայէ ԱՄՆ նաւատորմին մէջ, եղբայրը՝ Էնտրիւն, ԱՄՆ զինուած ուժերու խաղաղովկիանոսեան
հատուածին մէջ: Աւելին՝ մայրը նոյնպէս կ՝ուզէր միանալ նաւատորմին, սակայն տուն մնալով՝ կը ծառայէ կարմիր խաչի մէջ:
Մահացած է 2011-ին։
