«Տէրեանական Պոեզիայի Օր»՝ Գանձայի Մէջ

Սփիւռք

24 Յուլիսին, Նինոծմինդայի Գանձա գիւղին մէջ, 55-րդ անգամ, նշուեցաւ «Տէրեանական պոեզիայի օր»-ը։ Համավարակին պատճառով երկամեայ ընդմիջումէ ետք՝ տօնը նշուեցաւ առաջին անգամ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ jnews.ge-էն։

Հիւրերը նախ այցելեցին հայ մեծ գրող Վահան Տէրեանի տուն-թանգարան եւ տուն-թանգարանի ցուցասրահ։

teryan1

Այնուհետեւ, բաց դաշտի մէջ, նշուեցաւ տօնը, որուն ներկայ էին Վրաստանի խորհրդարանի Ախալքալաք-Նինոծմինդա շրջանէն պատգամաւորներ Սամուէլ Մանուկեանը եւ Սէյրան Կիւրեղեանը, Ախալքալաքի եւ Նինոծմինդայի քաղաքապետութիւններու տեղական ղեկավարութիւնը եւ հիւրեր Թիֆլիսի տարբեր շրբաններէ։

teryan3
teryan4

teryan2

Բազմաթիւ ելոյթներուն յաջորդեցին համերգային համարները եւ Վահան Տէրեանի բանաստեղծութիւններու ընթերցումները։

Ելոյթ ունեցան Նինոծմինդայի Մշակոյթի տան «Փարւանա», Գանձա գիւղի «Գանձեր» խումբերը, ինչպէս նաեւ անհատ կատարողներ։