«Յառաջ»-ի Գծագրական Ցուցահանդէսը` Այնճարի «Մուսա Լեռ» Սրահին Մէջ

Սփիւռք

Այնճարի «Յառաջ» վարժարանի 2021-2022 կրթական տարեշրջանի գծագրական ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 8 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Մուսա Լեռ» սրահին մէջ:

Բացման խօսքով դպրոցի տնօրէն Արմէն Թաշճեան յայտնեց, որ կրթական տարեշրջանի աւանդութիւն դարձած եզրափակիչ ձեռնարկներէն նկատուող գծագրական ցուցահանդէսը կը բխի վարժարանի  այն համոզումէն, որ աշակերտներու լիարժէք գնահատականը տրուած չ՛ըլլար առանց այս ցուցահանդէսին: Տնօրէնը նշեց, որ արուեստը եւ առհասարակ մշակոյթը առողջ, ինքնաճանաչ ու տարբեր շրջապատներու հետ հաղորդակցելու ունակ անհատականութեանց կազմաւորման կենսական նպաստ կը հայթայթէ:

Ան ընդգծեց. «Ժամանակահատուածի մը մէջ, երբ կեանքը գոյն չունի, երբ մարդոց տեսողութիւնը խորաթափանց  ըլլալու իր կարողութենէն սկսած է զիջիլ, նեղցած եւ սահմանափակուած է նեղ պաստառներու վրայ, երբ ամէն ինչ հրամցուած եւ ուղորդուած է, արուեստը կը մնայ ստեղծագործ ու ազատագրուող միտքի ու հոգիի խթանը»:

Տնօրէնը քաջալերեց աշակերտները` մաղթելով, որ վարժարանին կողքին, աշակերտները վայելեն նաեւ  ծնողներու ու երէցներու հետեւողութիւնն ու յարատեւ նեցուկը ուշադրութեան առարկայ պահելով աշակերտներու մէջ հասակ առնող հետաքրքրաշարժ ու հոգածութեան արժանի ձգտումներն ու հակումները:

Տնօրէն Արմէն Թաշճեան շնորհաւորեց ներկաները, ապա հրաւիրեց գծագրութեան դասատու արուեստագէտ Գօգօ Սգայեանը, որպէսզի օրուան խորհուրդը ամփոփէ` իր սրտի խօսքը արտասանելով:

Դասատուն, իբրեւ խրախուսիչ երեւոյթ, վեր առաւ գեղարուեստի նկատմամբ աշակերտներուն ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը. Անդրադառնալով ցուցահանդէսին` ան ներկաները յորդորեց ուշադրութեան արժանացնելու աշակերտներու միտքերու ու թեմաներու այլազանութիւնը, ներաշխարհէ բխող երանգները, երեւակայութեան թռիչքն եւ համարձակ աշխարհահայեացքները: Ան գնահատելով աշակերտները` ներկաներէն խնդրեց, որ իւրաքանչիւր պատկերի դիմաց կանգնելով` փորձեն թափանցել մատուցուած արուեստի հորիզոնին:

Վարժարանի խնամակալութեան ատենապետին, գծագրութեան նախկին դասատու Րաֆֆի Անտոնեանին եւ Գօգօ Սգայեանին կողմէ կատարուեցաւ ցուցահանդէսին բացումը, որմէ ետք ներկաները շրջեցան, վայելեցին աշակերտներուն գծագրութիւնները` միեւնոյն ժամանակ հիւրասիրուելով ու զրուցելով իրարու հետ: Ցուցահանդէսը իր դռները բաց պահեց մինչեւ յաջորդ օրուան ամավերջի հանդէսէն ետք ուշ ժամեր: