
Փաշինեանի Վարչակազմը Կը Հարուածէ Հայոց Պետականութիւնը՝ Պառակտելով Հայ Ժողովուրդը. ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի գործող իշխանութիւնը կը շարունակէ իր ազգադաւ ծրագրերը: Հերթականը ֆրանսահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստանի Հանրապետութիւն մուտք գործել արգիլելն է:
Միանալով Էրտողանի եւ Ալիեւի վարչաձեւերուն՝ Նիկոլ Փաշինեանի վարչակազմը կը հարուածէ հայոց պետականութիւնը՝ պառակտելով հայ ժողովուրդը, արգելակելով արտաքին սպառնալիքներուն հայ ժողովուրդի կենսունակ մասի դիմադրութիւնը, ճանապարհ բանալով մեր հայրենիքի նկատմամբ թշնամական պետութիւններու եւ կազմակերպութիւններու գործունէութեան համար:
Վարչախումբի աշխատակազմին՝ Մուրատ Փափազեանը Հայաստանի մէջ անցանկալի անձ համարելուն վերաբերեալ, այսօր ներկայացուած պարզաբանումը ուրիշ բան չէ, քան՝ իրականութիւնը կեղծելու, սուտը ճշմարտութեան տեղ ներկայացնելու, սեփական անձը պետութեան հետ նոյնականացնելու, Սահմանադրութիւնն ու օրէնքները ոտնատակ ընելու հերթական ապացոյց:
Հայաստանի գործող վարչախումբը անընդհատ կը փաստէ, որ կը շարժի հայոց պետականութեան և հայ ժողովուրդի ոչնչացման թուրք-ազրպէյճանական նպատակային ծրագրերով:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը խստիւ կը դատապարտէ վարչաձեւի այս քստմնելի եւ դաւաճանական հերթական արարքը, կը յայտարարէ, որ նման ապօրինութիւններով եւ պառակտիչ գործողութիւններով հնարաւոր չէ կանխել համայն հայութեան մէջ սկիզբ առած դիմադրութեան շարժումը, որ ուղղուած է հայոց կենսունակ պետականութեան արտաքին եւ ներքին թշնամիներուն դէմ: Նիկոլ Փաշինեանի վարչաձեւին հեռացումը այլընտրանք չունի:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին