
Ալիեւը Զեկուցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Գործընթացներու Դրական Ուղղութեան Մասին․ Էրտողան
Ալիեւը զեկուցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ գործընթացներու դրական ուղղութեան մասին։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանը։ Ան մեկնաբանած է «Զանգեզուրի միջանցք»-ին նախագիծը, որուն բացման կ՝աջակցի Ազրպէյճանը։ Այս մասին, ըստ NEWS.am-ի, հաղորդած է Anadolu-ն։
«Պարոն Փութինը, եթէ չեմ սխալիր, վերջերս խօսած է նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Հետս զրոյցի ընթացքին՝ պարոն Փութինը ըսաւ, որ ողջոյններ բերած է Ալիեւէն, որուն նախապէս պատմած էր հետս յառաջիկայ հանդիպման մասին»,-ըսած է ան։
«Իլհամ Ալիեւը զեկուցած է գործընթացներու դրական ուղղութեան մասին։ Աւելի շուտ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ ԵՄ ղեկավարներու եռակողմ հանդիպումը։ Այս հանդիպումը, ըստ Ալիեւի, նոյնպէս անցած է դրական. Ըստ ինծի՝ ամէն ինչ կ՝ընթանայ այնպէս, ինչպէս ծրագրաւորուած է: Շուտով այդ շրջանին մէջ (Կովսական (Զանգելան-խմբ.)) կը բացուի նոր օդակայան»,- ըսած է Էրտողանը։