Մարտական Դիրքի Վրայ Յայտնաբերուած է 19-ամեայ Զինծառայողի Դիակը. ՊՆ
Յուլիս 14-ին, ժամը 10։25-ի սահմաններուն, Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած N զօրամասի մարտական դիրքին մէջ յայտնաբերուած է պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, շարքային Արսէն Արմէնի Մանուկեանի (ծնվ. 2003թ.) դիակը՝ գլխուն հրազէնի հարուածով։ Այս մասին կը յայտնեն ՊՆ մամուլի ծառայութենէն։
Կը կատարուի քննութիւն՝ դէպքին հանգամանքները լիարժէք պարզելու համար։
