Հայ Դատի Հարցախոյզ.- Ամերիկահայութեան Զօրակցութիւնը Արցախի Ազատութեան

Հայաստան, Սփիւռք

Ըստ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին իրականացուցած հարցախոյզին՝ ամերիկահայութիւնը ջախջախիչ մեծամասնութեամբ դէմ արտայայտուած է Արցախը ազրպէյճանական լուծին տակ դնելու գաղափարին, զօրակցելով Արցախի ազատութեան։

Հարցախոյզին մասնակցողներուն մեծամասնութիւնը նաեւ առաջնակարգ նկատած է Հայաստանի ապահովութեան երաշխաւորումը, մինչ Ուաշինկթըն կը ջանայ շեշտը դնել ներքին բարեկարգումներու վրայ։

Ստորեւ հարցախոյզին գլխաւոր արդիւնքները (համաձայնութեան տոկոս).-

1/ Արցախը ազրպէյճանական լուծին տակ պէտք չէ դրուի.-  97.65։

2/ Հայաստան գոյութենական վտանգ կը դիմագրաւէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի սպառնալիքներուն պատճառով.- 98.4։

3/ Հայաստանի ապահովութեան երաշխաւորումը Հայաստան-Ամերիկա յարաբերութեան գլխաւոր առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ.-  95.2։

4/ Ուաշինկթըն կասեցնէ Ազրպէյճանի զինումը եւ պատժամիջոցներ սահմանէ Պաքուի դէմ, Արցախի մէջ գործած անոր պատերազմական ոճիրներուն համար.- 98։

5/ Թուրքիա պէտք է վնասուց հատուցումներ վճարէ հայութեան,- 93.6։