Քոնկրեսին Ներկայացուեցան Շարք Մը Հայանպաստ Յաւելումներ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու 2023ի Ազգային պաշտպանութեան արտօնութիւններու օրինագիծի (NDAA) քննարկումներուն ընթացքին ներկայացուեցան 7 հայանպաստ յաւելուածներ, որոնք նաեւ պատժամիջոցներ կը պահանջեն Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ։

 Ստորեւ յաւելուածներու առաջարկները.

 – Թիւ 208 եւ 478 յաւելուածները ներկայացուեցան քոնկրեսականներ Քրիս Փափքսի եւ Կասի Պիլիրաքիսի կողմէ՝ պահանջելով արգիլել ամերիկեան «Էֆ.16» օդանաւերու արդիականացման անհրաժեշտ արհետսագիտութեան փոխանցումը Թուրքիոյ։

– Թիւ 682 եւ 724 յաւելուածները ներկայացուեցան քոնկրեսականներ Ճեքի Սփիրի եւ Ֆրենք Փալոնի կողմէ՝ պահանջելով կասեցնել Ազրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները։

– Թիւ 992 յաւելուածով, Ճեքի Սփիր կը պահանջէ պաշտպանութեան նախարարութեան հետաքննել Ազրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւններուն ունեցած աղդեցութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան խաղաղ լուծում մը գտնելու ջանքերուն վրայ։

– Թիւ 698 յաւելուածը ներկայացուց քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ՝ պահանջելով Ազրպէյճանէն անյապաղ ազատ արձակել հայ ռազմագերիները եւ քաղաքայինները։

 – Թիւ 837 բանաձեւը ներկայացուեցաւ քոնկրեսականներ Թոնի Քարտենազի եւ Պրետ Շըրմընի կողմէ՝ պահանջելով արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններէն հետաքննել Թուրքիոյ տրամադրուած ամերիկեան արհեստագիտութեան ունեցած ազդեցութիւնը 44օրեայ պատերազմին վրայ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսականներուն՝ շեշետելով, որ Հայ Դատը աշխատանքները կը շարունակէ յաւելուածներուն վաւերացումը ապահովելու համար։

Այս նպատակով քոնկրեսականներուն դիմելու համար այցելել www.anca.org/NDAA կայքէջը։