Իլհամ Ալիեւը Դարձեալ Սպառնացած է Հայաստանին եւ Ընդդիմութեան

Աշխարհ, Հայաստան

Պատերազմէն ետք ազրպէյճանական բանակը ալ աւելի զօրացաւ` թէ՛ մատակարարումներու, թէ՛ մարտունակութեան առումով։ Մենք պիտի շարունակենք լուրջ քայլեր ձեռնարկել մեր բանակը զարգացնելու ուղղութեամբ։ Այս մասին, ըստ «Երկիր»-ի, յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ Արցախէն գրաւուած Քարվաճառի մէջ «քոմանտոս» տիպի զօրամասի մարտական դրօշի շնորհանդէսին նուիրուած արարողութեան ժամանակ։

«Նոր պայմանագրեր կնքուած են ամենաժամանակակից զէնքի գնման համար։ Այդ պայմանագրերը արդէն կը կատարուին. նոր սպառազինութիւն ու ամենաժամանակակից սարքեր կը մատակարարուի ու պիտի մատակարարուի Ազրպէյճանին։ Մեր դիրքերը Հայաստանի հետ սահմանին ալ աւելի պիտի ամրապնդուին: Եթէ Հայաստանը սահմաններու որոշման հարցով կրկին դիմէ իր մարտավարութեան, փորձէ ձգձգել ժամանակը, ուստի, ի վերջոյ, ինքն ալ պիտի զղջայ։ Մենք ուշադիր կը հետեւին վրէժխնդրական ուժերու գործողութիւններուն, որոնք կը փորձեն գլուխ բարձրացնել Հայաստանի մէջ։ Թող իմանան ատիկա: Այս լերան գագաթին իմ խօսքեր գրուած են՝ ««Երկաթէ բռունցքը» այստեղ է, թող ոչ ոք մոռնայ անոր մասին»»,- ըսած է ան։

Իլհամ Ալիեւը յիշեցուցած է, որ հայկական Հադրութի մէջ վեց ամիս առաջ յայտնուեցաւ առաջին նման տիպի զօրամիաւորումը։ Երկրորդը կը բացուի Քարվաճառի մէջ, եւ կը նախատեսուի նորերու բացումը։

«Հազարաւոր ազրպէյճանցիներ պիտի ծառայեն այդ զօրամասերուն մէջ։ Այս ալ աւելի պիտի ամրապնդէ մեր հզօրութիւնը»,- ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը։