«Մանկութեան Երանգներ» Խորագիրով Ցուցահանդէս՝ Ստեփանակերտի Պոլ Էլիւարի Տուն Ֆրանգոֆոնիայի Կեդրոնէն Ներս

Այլեւայլ, Հայաստան

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակը կը յայտնէ, որ Յունիս 30-ին, ժամը 11:00-ին, Ստեփանակերտի Պոլ Էլիւարի տուն ֆրանգոֆոնիայի կեդրոնէն ներս տեղի պիտի ունենայ «Մանկութեան երանգներ» խորագիրով ցուցահանդէս:

«Մանկութեան երանգներ» ցուցահանդէսը պիտի կայանայ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ՝ Արցախի մէջ կազմակերպուող «Ապրելու ձայնը» գրական-մշակութային օրերուն ծիրէն ներս:

Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին կողմէ կեանքի կոչուած նկարչութեան եւ «Հմուտ ձեռքեր» դասընթացներուն մասնակից մանուկներուն աշխատանքները:

Ներկայացուած պիտի ըլլան երեխաներու՝ ինչպէս 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, այնպէս ալ պատերազմէն ետք կատարած աշխատանքները:

Այս ցուցահանդէսը պիտի ըլլայ անոնց երրորդ ցուցահանդէսը:

Եկէք ծանօթանալու մեր մանուկներու մանկութեան երանգներուն:

Մուտքը ազատ է: