Մտորումներ՝ Թելադրուած Աղէտ-արտագաղթի եւ Հայրենհանման Արմատախլութենէն. (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մարդ էակին համար արմատախիլ ըլլալ զրկանք մըն է, որ այս կամ այն ձեւով կը հիւծէ իր հոգիին պայծառատեսութիւնը:

Փապլօ Ներուտա, չիլեցի բանաստեղծ, Ի Դար

            Հայը, անհատ եւ հաւաքականութիւն, կարծէք պարտուած է եւ հաշտուած արտագաղթով բնորոշուած ազգային-ընկերային-քաղաքական աղէտին հետ: Արտագաղթը Հայաստանի քաղաքացիին եւ սփիւռքի հայերուն համար դարձած է բնական, ոչ ոք կը զղջայ, ոչ ոք կը քննադատէ, պետական եւ համայնքային ղեկավարութիւնները ոչինչ ըրած են եւ կ’ընեն ազգի ներուժին սպառնացող պատուհասը կասեցնելու, կանխելու: Ոչ ոք անհանգիստ է:

            Կը սիրենք գիտաժողովներ գումարել զանազան հարցերու մասին, բայց դեռ ոչ ոք, պետութիւն, կուսակցութիւններ, համալսարաններ, կազմակերպութիւններ, ժամանակակից հայկական արտագաղթը ուսումնասիրելու, տեսնելու համար անոր հետեւանքները ազգային-քաղաքական տեսանկիւնէ, քոլլոք մը, գիտաժողով մը չհրաւիրեցին: Ոչինչ կատարուած է, ոչ մէկ նախաձեռնութիւն կայ, արտագաղթը կասեցնելու: Ազգային-քաղաքական կրաւորականութիւն: Աղէտին դիմաց ոչ ոք ինքզինք պատասխանատու կը համարէ:

Չի խօսուիր ԱՐՏԱԳԱՂԹի հետեւանքներուն մասին՝ հայրենիք ունենալու եւ պահելու տեսանկիւնէ, ոչ ալ ազգային ինքնութեան պաշտպանութեան: Եթէ խօսուի, ստիպողաբար պատասախանատուութեան հարցերու առջեւ պիտի կանգնինք:

Դար մը առաջ տեղի ունեցած հայրենահանման վրայ գումարուեցաւ եւ կը շարունակուի գումարուիլ մերօրեայ արտագաղթը: Երկու պարագաներուն ալ հետեւանքը, պարտադրուած թէ կամաւոր, հայրենիքէ հեռացում է, հայրենատէր ըլլալու պարտականութեան եւ յանձնառութեան վերջ: Ինչպէ՞ս տէր ըլլալ բացակայ ըլլալով:

            Միշտ կարելի է պատճառներ եւ պատրուակներ գտնել արդարացնելու համար արտագաղթը: Բայց դադրած են խօսելէ, թէ՝ ինչո՞ւ պէտք չէ արտագաղթել: Մտաւորականութեան խօսքին, պետական յայտարարութիւններուն, մամուլի արտայայտութիւններուն մէջ ԱՐՏԱԳԱՂԹԸ, ՈՐՊԷՍ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑ, ԲԱՑԱԿԱՅ Է:

            Պետութիւնը կրնա՞յ առարկայական ճշգրտութեամբ ներկայացնել վերջին երեսուն տարիներու ԱՐՏԱԳԱՂԹԻ ՊԱՏԿԵՐԸ՝ թիւերով, եւ այսօր ինչպիսի թափով կը շարունակուի ան, տարին քանի՞ հազար քաղաքացիներ կը լքեն հայրենիքը: Մեր բազմաթիւ քաղաքական վերլուծաբանները ինչո՞ւ չեն խօսիր ԱՐՏԱԳԱՂԹի յառաջացուցած անվտանգութեան-պաշտպանութեան, հողի Երեւանէն դուրս եղող բնակչութեան նօսրացման եւ անոր տնտեսական եւ պաշտպանական հետեւանքներուն մասին:

            Իշխանութեան հեռացման պահանջով տեղի ունեցած ցոյցերու եւ քննադատութիւններուն մէջ ալ ԱՐՏԱԳԱՂԹ աղէտի մասին խօսքեր չհնչեցին:

            Աւելի կը խօսուի հայրենահանուածներու եւ անոնց ժառանգներու սփիւռքի պարտականութեան եւ աջակցութեան մասին, թէեւ միայն նիւթական աջակցութեան ըմբռնումով, բայց կը լռենք աղէտ-արտագաղթի մասին:

            Պետութիւնը իրապէս կը տիրապետէ՞ ԱՐՏԱԳԱՂԹի թիւերու: Արտագաղթողները Հայաստանի քաղաքացիներ են եւ Պետութիւնը սկզբունքով տէր է իր քաղաքացիներուն: Ո՞ւր կը գտնուին անոնք: Երբեմն անոնց մասին կը խօսի հեռատեսիլը, ըսելով՝ ՄԵՐՈՆՔ, անոնց ո՞ր տոկոսը ինքզինք մաս եւ անդամ կը համարէ ՄԵՐՈՆՔի:

Հայաստան ունի՞ քաղաքական-կազմակերպական առաջադրանք իր համրանքը համալրելու արտագաղթած զանգուածներու վերադարձով: Այդ համրանքը էական է, որպէսզի հայրենիքը ըլլայ բնակուած եւ պաշտպանուած: Եթէ մեր ժողովուրդը ինք չպաշտպանէ իր հողը, իր փոխարէն այդ ոչ ոք պիտի ընէ:

            Դեռ պէտք է խօսիլ արտագաղթողներու ազգային ինքնութիւն պահելու միտումի եւ կարելիութեան մասին: Հայրենահանուածները ինքնութիւն պահած էին եւ անոր համար պայքարած, քանի որ իրենց համար երկրէն հեռացումը կամաւոր չէր, բռնութեան հետեւանք էր: Ժամանակակից ԱՐՏԱԳԱՂԹը կամաւոր ինքնահայրենահանում է, այս պատճառով ալ արտագաղթող զանգուածները շատ աւելի մեծ դիւրութեամբ կ’ընդունին իրենց համարկումը, intégrationը, քանի որ վերադարձի յոյսով չեն լքած հայրենիքը:

            Այս հարցերու մասին յաճախ խօսած եմ: Միշտ կը յիշեմ յատկանշական արտայայտութիւնը երիտասարդ մօր մը, որ օդանաւին մէջ իր աղջնակին կ’ըսէր, թէ զինք կը տանէր իր նոր հայրենիքը:

            Յօդուածի մը մէջ, 11 Դեկտեմբեր 2017ին կը գրէի, որ «Ազգի որակի եւ համրանքի տեսանկիւնէԱրտագաղթը կը շարունակէ Հայրենահանումը»: Այսինքն, ժամանակի գիծին վրայ հայ մարդատեսակի ինքնութեան աստիճանական կորուստ: Երեւոյթը մեր Պետութեան ձախողութիւնն է, պէտք է ասոր վրայ աւելցնել սփիւռքի թեթեւսոլիկ վերաբերումը, որ քաղաքական-քննադատական եւ զգացական-հայրենակցական պատճառներով կը հաշտուի կացութեան հետ, երբեմն նաեւ՝ շահախնդրուած մարդորսութեամբ, օգտուելու համար արտագաղթողներու հայկական-մշակութային պատրաստուածութենէն:

            Հայրենահանուածներու սփիւռքը եւ արտագաղթողները իրարու չեն մերուիր, չեն մերուած, հաւանօրէն պիտի չմերուին ալ, քանի որ ծնունդ են խորապէս տարբեր պայմաններու եւ անոնց յառաջացած հոգեբանութեան: Այս հաստատումը չի նշանակեր սեպ խրել մեր ժողովուրդին մէջ, այլ՝ ըլլալ իրատես:

Արտագաղթ երեւոյթին պէտք չէ վերաբերիլ զգացական-հայրենակցական նկատումներով, այլ՝ հայրենիքի եւ ազգիՊետութիւն, ոչ միայն այսօրուան, այլ ներկայ եւ գալիք, ծրագրուած եւ հետեւողական եղանակով առաջնահերթութիւններու շարքին պիտի դասէ ԱՐՏԱԳԱՂԹԻ ԿԱՆԽՈՒՄը, եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով, քարոզչութեամբ եւ կեանքի լաւ պայմաններու ստեղծումով, ձգտի ՏՈՒՆ ԴԱՐՁՆԵԼ ԱՐՏԱԳԱՂԹՈՂՆԵՐԸ : Անոնց պատրաստութիւն ունեցող տեսակը պարտք պէտք է համարէ վերադարձը, եւ հայրենիքէն ստացածը ի սպաս դնելու այդ հայրենիքի պաշտպանութեան եւ վերելքին:

            Իսկ եթէ Հայաստան Պետութիւնը եւ Սփիւռք(ներ)ի ղեկավարութիւնը ծրագրուած ձեւով արտագաղթողներու վերադարձին զուգորդեն ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆը, այդ կ’ըլլայ կարեւոր քայլ ցանկացուած եւ հոլովուաւծ վերականգնումի ճամբուն վրայ:

            Եթէ, Հաաստան եւ Սփիւռք(ներ), մենք իրապէս ազգային ըմբռնումով քաղաքանացած զանգուած ունենայինք, կը պահանջէինք, որ կոտորակումները յաղթահարուէին, բան չնշանակող մրցակցութիւնները եւ հակամարտութիւնները վերջ գտնէին, դադրէինք ոտք չունեցող աթոռներու եւ աթոռակներու խաղով զուարճանալէ:

Հայրենիքը սոսկ հողամաս չէ, ան հայրենիք է հայրենատէր բնակչութեամբ: Այս ըմբռնումով դէմ պէտք է երթալ ԱՐՏԱԳԱՂԹին եւ հաւաքական ճիգով իրականացնել ՀԱՅՐԵՆԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆը, այսօր արդէն՝ ՅՈԳՆԱԿԻ:

            Հաւաքաբար պատասխանատու ենք: Կացութեան հետ հաշտուիլ ազգային-քաղաքական յանցանք է, եւ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆը այդ չի ներեր:

            Կրկին պէտք է ըսել, որ ամէն կարգի իշխանութիւններէն եւ էսթէպլիշմընթներէն պահանջատէր պէտք է ըլլալ, առանց փափկանկատութեան պահանջել, որ առաջնահերթութիւն դարձնեն զոյգ բնոյթով հայրենադարձութիւնները:

            Ղեկավարութիւնները այս առաջադրանքի նախաձեռնութեամբ եւ յաջողութեամբ պէտք է դատել:

            Միշտ պէտք է մտածել այն մասին, որ հայրենահանում եւ արտագաղթ արմատներէ խզման կացութիւններ ենայդ խզման բոլոր հոգեբանական եւ բարոյական հետեւանքներով, որոնց եզրայանգումը օտարումն է:

            Չիլեցի բանաստեղծ Փապլօ Ներուտա յատկանշական ձեւով բանաձեւած է արմատախիլ եղած մարդոց կացութիւնը. «Մարդ էակին համար արմատախիլ ըլլալ զրկանք մըն է, որ այս կամ այն ձեւով կը հիւծէ իր հոգիին պայծառատեսութիւնը»:

            Եթէ հասկնանք: Եթէ հասկնայինք:

            Ի ծնէ արմատախիլներս, արտագաղթած ինքնա-արմատախլուածները:

            Միթէ՞ պէտք է կրկնել, որ վաղը միշտ ուշ է: