Մեզի Համար Անընդունելի է Որեւէ Ձեւով Ըլլալ Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ. Դաւիթ Բաբայեան (տեսանիւթ)

Հայաստան

Արցախը չի կրնար ըլլալ եւ պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ։ Այս մասին, ըստ «Երկիր»-ի, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան:

«Մենք պիտի կանգնինք մինչեւ վերջ եւ երբեք թոյլ պիտի չի տանք՝ այդ կարմիր գիծերը խախտեն»,- յայտարարեց ան:

Ինչ կը վերաբերի Արցախի կարգավիճակին, Դաւիթ Բաբայեան ըսաւ. «Կարգավիճակի խնդիրը շատ բարդ է, որովհետեւ այս հակամարտութիւնը ամենավատ հակամարտութիւնն է աշխարհի վրայ, եւ ակնկալել շուտափոյթ կարգաւորում՝ չստացուիր: Մենք պէտք է նաեւ իրատես ըլլանք եւ հասկնանք, որ վերջնական եւ համապարփակ կարգաւորումը դեռ հեռաւոր ապագայի խնդիր է»:

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով.