Այո, Լեռնային Ղարաբաղ Գոյութիւն Չունի, Որովհետեւ Գոյութիւն Ունի Արցախի Հանրապետութիւն. Բեգլարեանը Արձագանգած է Ալիեւին

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը արձագանգած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հերթական կեղծ յայտարարութիւններուն Արցախի վերաբերեալ: Telegram-ի իր էջին վրայ Բեգլարեանը, մասնաւորապէս, գրած է.

«Այո, Լեռնային Ղարաբաղ գոյութիւն չունի, որովհետեւ գոյութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութիւն, եւ ատիկա միջազգային իրաւունքի նիւթ է, թէեւ պաշտօնապէս միջազգայնօրէն չէ ճանչցուած:

Ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չէ կարգաւորուած եւ չի կարգաւորուիր այնքան ժամանակ, քանի դեռ Ազրպէյճանը հաշուի չէ առած Արցախի բնիկ ժողովուրդի ինքնորոշման անկոտրում իրաւունքը»,- գրած է Բեգլարեան:

Արցախի պետական նախարարին խօսքով՝ աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ Ալիեւը աւելի շատ մտածէր Ազրպէյճանի սահմանադրութեամբ իրեն վերապահուած լիազօրութիւններու բարեխիղճ կատարման մասին ՝ երաշխաւորելով սեփական քաղաքացիներուն (նաեւ ՝ լեզգիներուն, թալիշներուն, աւարներուն, թաթարներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններու) իրաւունքներու ապահովումը ՝ հայերու իրաւունքներուն մասին «մտահոգուելու» փոխարէն։

«Հաւանաբար, Ալիեւը յանկարծ յիշէ, թէ ինչ տեղի ունեցած է Խորհրդային Ազրպէյճանի մէջ աւելի քան 500,000 հայերու հետ, թէ Ազրպէյճանի կողմէ գրաւուած Արցախի տարածքներուն մէջ կա՞յ թէկուզ մէկ հայ»,- գրած է Բեգլարեան։