Արցախն ու Հայաստանը Բարդ Իրավիճակի Մէջ Կը Գտնուին. ԱՀ ԱԳ Նախարար

Հայաստան

Փոքր երկիրներու համար, յատկապէս անոնց, որոնք շրջապատուած են թշնամական հարեւաններով, առանցքային աշխարհաքաղաքական խնդիրը իրենց աշխարհաքաղաքական գործօն ըլլալու պահպանումն է։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին մէջ գրած է Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան։

«Առանց ատոր անոնք դատապարտուած են: Աշխարհաքաղաքական գործօն ըլլալու կարեւորագոյն բաղադրիչներէն է սկզբունքայնութիւնը։ Սկզբունքայնութեան եւ արժէքային բաղադրիչներու բացակայութիւնը պետութիւնն ու ժողովուրդը կը զրկէ աշխարհաքաղաքական ինքնավարութենէ ու իւրայատկութենէ։ Նման պետութիւնը կը դառնայ աշխարհաքաղաքական «խորտիկ» հարեւաններու, յատկապէս սկզբունքային եւ հաւակնոտ հարեւաններու համար։ Արցախն ու Հայաստանը կը գտնուին բարդ իրավիճակի մէջ, որ ալ աւելի արդիական կը դարձնէ աշխարհաքաղաքական գործօնի կարգավիճակի պահպանման եւ սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալու հրամայականը»,- գրած է նախարարը։