Հայ Սեւ Գօտիներու Միութիւնը (ԱՊՊԱ) 9 Ոսկի Մետալներ Կ՛ապահովէ

Աշխարհ, Սփիւռք

Հայ սեւ գօտիներու միութեան մարզիկները միութեան հիմնադիրին` մասթըր Կարօ Քէպապճեանին նշանաբանին («Առողջ մարմին, արթուն միտք, ազնիւ հոգի»), հետեւելով մասնակցեցան Լիբանանի Ուու շու-քոնկ ֆուի ֆետերասիոնին կազմակերպած Լիբանանի ախոյեանութեան մրցումներուն եւ ապահովեցին 8 ոսկի մետալ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազդակ»-էն։

Մրցումները տեղի ունեցան Կիրակի, 5 Յունիս 2022-ին, Այնճարի ՀՄԸՄ-ի մարզադաշտին մէջ:

Ոսկի մետալներ ստացան հետեւեալ մարզիկ-մարզիկուհիները.

Յարութ Վարդանեան – 2 ոսկի մետալ
Ճէյսըն Աբիկեան – 2 ոսկի մետալ
Արամօ Կորկոտեան – 1 ոսկի մետալ
Անթոնի Արզումանեան – 2 ոսկի մետալ
Լիանա Քէշիշեան – 1 ոսկի մետալ
Անի Վարդանեան – 1 ոսկի մետալ

Իսկ Հայ սեւ գօտիներու միութեան մարզիչները ստացան հետեւեալ վկայագիրները.

Րաֆֆի Սարգիսեան – 4 «տան»
Վարդան Գիրազեան – 3 «տան»
Պետիկ Թօսունեան – 2 «տան»
Մաթէոս Պաղամեան – 2 «տան»: