Գրական-մշակութային Օրեր՝ Արցախի Մէջ
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ ս. թ. Յունիս 26-Յուլիս 2, Ստեփանակերտի եւ շրջաններու մէջ պիտի կայանան գրական օրեր, որոնք պիտի ուղեկցուին մշակութային ձեռնարկներով։ Նախաձեռնութեան ծիրէն ներս պիտի կազմակերպուին գրական մրցոյթներ, գրական երեկոներ, ասմունքի մրցոյթ, ցուցահանդէսներ ու համերգներ, Արցախի արդի գրականութեան վերաբերեալ զրոյցներ, հանդիպումներ, դասախօսութիւններ։
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանի տեղեկութիւններով՝ նախաձեռնութեան գաղափարը յղացած է գրող Սերգէյ Սաֆարեան, կը համագործակցին ԱՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան, Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի, ՀՀ եւ ԱՀ գրողներու միութիւններուն հետ:
