Ժամը 21:10-ի Դրութեամբ «Հերացի» Համալսարանական Հիւանդանոց Տեղափոխուած է ՀՀ 7 Քաղաքացի

Հայաստան

Ժամը 21:10-ի դրութեամբ «Հերացի» համալսարանական հիւանդանոց շտապօգնութեան մեքենայով տեղափոխուած է ՀՀ 7 քաղաքացի։ Այս մասին, ըստ «Երկիր»-ի, հաղորդած է ԵՊԲՀ աշխատակամզի ղեկավար Շուշան Դանիէլեան:

Ան նշած է, որ վիրաւորները կը գտնուին հետազօտման փուլի մէջ:

Նշենք, որ իրավիճակը ծայրայեղ լարուած է ՀՀ կառավարական ամառանոցին մօտ: Ոստիկանութիւնը կիրառած է լուսաձայնային նռնակներ, որուն հետեւանքով կան վիրաւորներ: