ՔՊ-ի՝ Արտահերթ Նիստին Չմասնակցելու Պարագային Պայքարը Աւելի Սուր Առաջ Կ՝երթայ. Իշխան Սաղաթելեան

Հայաստան

3 Մայիսի արտահերթ նիստի օրակարգը յստակ է․ հանդէս եկած ենք արտահերթ նիստի պահանջով, որպէսզի ԱԺ-ն հանդէս գայ յայտարարութեամբ, որ հրապարակած ենք քանի մը անգամ. յայտարարութիւնը կը ներկայացնէ այն բոլոր կարմիր գիծերն ու սկզբունքները, որոնցմով պէտք է առաջնորդուի ցանկացած հայանպաստ եւ հայամէտ իշխանութիւն։ Այս մասին Yerevan.Today-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ փոխխօսնակ Իշխան Սաղաթելեան։

Ան նշած է, թէ ՔՊ-ականները մէկ ամիս շարունակ կ՝ըսէին, թէ ընդդիմութիւնը օրակարգ չունի, չի գար խորհրդարան, կը վախնայ, ըսելիք չունի, եւ երրորդը՝ ընդդիմութեան փողոցային պայքարի նպատակը ոչ թէ Արցախն ու ՀՀ-ն են, այլ՝ իշխանութեան գալը։

Պատասխանելով այն հարցին, թէ եթէ վաղը ԱԺ իշխանական պատգամաւորները չգան ԱԺ, ի՞նչ պիտի ըլլայ յետոյ, Սաղաթելեանը նշած է․ «Վաղուայ օրուան ընթացքը շատ կարեւոր է, անկախ անկէ կու գան, թէ՝ ոչ, մեր երկու խմբակցութիւնները պիտի երթան։ Դեռ իրենք առիթ ու ժամանակ ունին ուղղուելու, խելքի գալու եւ մասնակցելու, որովհետեւ չի կրնար խորհրդարանական կառավարուող երկրին մէջ՝ երկրի կենսական շահերուն հետ առնչութիւն ունեցող խնդիրները խորհրդարանի մէջ քննարկուին եւ քաղաքական մեծամասնութիւնը փախչի։ Քաղաքական մեծամասնութիւնը կը փախչի, որովհետեւ ըսելիք չունի, գայ ի՞նչ ըսէ։ Ասիկա ջրբաժան է պայքարը աւելի սուր առաջ տանելու իմաստով, որովհետեւ այդ մարդիկ ակնյայտ կը յայտարարեն այլեւս եւ պաշտօնապէս կը փաստեն, որ իրենք ՀՀ-ի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի շահերուն հետ կապ չունին։

«Նախարարը քաղաքական պաշտօն է եւ կը կրէ նաեւ անձնական պատասխանատւութիւն։ Մեզի համար այս օրերուն շատ կարեւոր է նաեւ անձնապէս հասկնալ։ Հիմա ՔՊ-ական ոչ բոլոր պատգամաւորները իմ կարծիքով պիտի կիսեն այս պատասխանատւութիւնը եւ դաւաճանութիւնը, ասիկա նաեւ իրենց համար առիթ է կողմնորոշուելու տարանջատուելու Նիկոլէն։ Մենք կը հասկնանք իրենց վախի աստիճանը, կը հասկնանք, որ այդ պաշտօնը իրենց համար արժէքաւոր է, բայց հակառակ կողմը դրուած է հայրենիքը»,- ըսած է Իշխան Սաղաթելեան։

Ըստ Սաղաթելեանի՝ պատգամաւորներ կան, որոնց ե՛ւ ճակատագիրը, ե՛ւ պահուածքի պատճառները յայտնի են, իրենք այլ տարբերակ չունին։ «Խօսքը 10-12 հոգիի մասին, միւսները պէտք է իրենց հարց տան՝ ինչու կը մտնեն այս բեռին եւ պատասխանատւութեան տակ։ Տպաւորութիւն է գերիի կարգավիճակի մէջ են»,-ըսած է Սաղաթելեանը։

«Այն ինչով պիտի զբաղի սահմանագծման եւ սահմանազատման յանձնաժողովը լաւ բան պիտի չընէ, որովհետեւ լաւ տեղ պիտի չի տանի․ այս ուղղութեամբ մենք աւելի կլոպալ ձեւակերպած ենք խնդիրը՝ պէտք է դադրեցնել այդ յանձնաժողովի աշխատաքները, քանի դեռ թշնամիի զօրքերը կը գտնուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ։ Բայց քանի որ իշխանութիւնը ծունկի եկած է, կապիտուլիացիա ստորագրած է եւ առհասարակ իր աթոռը պահելու համար պատրաստ է ցանկացած զիջման՝ ամէն ինչ սպասելի է»,- յայտնած է Իշխան Սաղաթելեան՝ վերահաստատելով․ «Մենք դէմ չենք սահմանագծման ու սահմանազատման, բայց ատիկա չի կրնար ըլլալ ուժի սպառնալիքի ներքոյ»,- ըսած է ան։