Համազգայինի Արցախի Գրասենեակը Գրական Ստեղծագործական Մրցոյթ Կը Յայտարարէ

Հայաստան

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակը կը յայտարարէ գրական ստեղծագործական մրցոյթ Արցախի մէջ բնակող երիտասարդներու համար։

Մրցոյթին արդիւնքները պիտի ամփոփուին ս.թ. Յունիս 26-Յուլիս 2, Արցախի մէջ կայանալիք գրական-մշակութային օրերուն ընթացքին։

Պիտի սահմանուին տարբեր անուանակարգեր բանաստեղծութեան եւ արձակի ժանրերու մէջ։ Մրցոյթին նպատակն է՝ ճանչնալ, բացայայտել, ներկայացնել Արցախի երիտասարդ ստեղծագործողները, նպաստել անոնց գրական աշխատանքներու տպագրման՝ Սփիւռքի գրական թերթերու մէջ, ներկայացնել զանոնք Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ։

Թեմաներու եւ ժանրերու ընտրութիւնը ազատ է։

Տարիքային շեմը՝18-30 տարեկան։

Մրցոյթին մասնակցելու համար գրական ստեղծագործութիւնները ուղարկել artsakh@hamazkayin.com ել.հասցէով։

Յայտին մէջ պէտք է նշել՝ անուն, ազգանուն, հեռախօսահամար, կենսագրական տուեալներ, մէկ լուսանկար։

Յայտերու ընդունման վերջնաժամկէտը՝ ս.թ.Յունիս 20։

Գրական տարբեր անուանակարգերու մէջ յաղթողները պիտի արժանանան պատուոգրերու եւ մրցանակներու։

Մանրամասներու համար կրնաք զանգահարել 097 720072 կամ 033 720172 հեռախօսահամարներով:

Hamazkayin Central