Պատերազմի Օրերուն Խրամատներու Մէջ Քաջերու Ստեղծած Արուեստի Գործերը Ցուցադրուեցան Երեւանի Մէջ

Այլեւայլ, Հայաստան

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Խրամատային գեղարուեստ» խորագիրով հանրապետական ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան Արցախեան երեք պատերազմներուն ընթացքին մարտեր մղած եւ անգամ խրամատներու մէջ ստեղծագործած քաջերուն գործերը։ Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթը։

Ստեղծագործութիւններուն մէջ միախառնուած են հայու ազատ ապրելու ձգտումը, քաջութիւնն ու ստեղծագործ մտքի թռիչքը։ Ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր «Ղարաբաղեան պատերազմի վեթերաններու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան մտայղացումով։ Ցուցահանդէսին ընթացքին ներկայացուեցան ստեղծագործութիւններ մօտ 30 հեղինակներու, որոնցմէ ողջ մնացած են միայն երեքը։

«Ղարաբաղեան պատերազմի վեթերաններու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Գրիգոր Գրիգորեան «Հորիզոն»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, թէ պիտի ջանան գտնել նոր հեղինակներ։ Անոնցմէ ոմանք մասնագէտներ եղած են, ոմանք՝ սիրողական նկարողներ, որոնք, սակայն, ոչ պակաս տաղանդաւոր։ Գրիգոր Գրիգորեան վստահեցուց՝ նման ցուցահանդէսները շարունակական պիտի ըլլան, քանի որ ատիկա եւս միջոց է մեր քաջերուն անունն ու յիշատակը վառ պահելու, քանի որ այդ ստեղծագործութիւններուն մէջ արտացոլուած են մեր քաջերու յոյսերն ու ապրումները, չէ՞ որ անոնք արարուած են խրամատներու մէջ, մեր պայքարի ու մաքառումի օրերուն։

https://fb.watch/dnbD-G9TBI/
Horizon Weekly Newspaper
Horizon Weekly Newspaper
Horizon Weekly Newspaper
Horizon Weekly Newspaper
Horizon Weekly Newspaper
Horizon Weekly Newspaper