Թեհրանի Զէյթուն Քաղաքամասին Մէջ Նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 104-րդ Տարեդարձը

Հայաստան, Սփիւռք

31 Մայիսին, նախաձեռնութեամբ Հ. Մ. Մ. «Նայիրի» միութեան եւ համագործակցութեամբ Զէյթուն քաղաքամասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Եկեղեցական խորհուրդի, «Հայ կին» միութեան կից «Անահիտ» միութեան եւ «Ծիածան» մանկա-պատանեկան արւեստանոցի, «Նայիրի» միութեան «Արցախ» սրահին մէջ, նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 104-րդ տարեդարձը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալիք»-ը։

Տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ «Սարդարապատ» քայլերգով: Օրուան հաղորդավար Մարտին Աղանեան՝ իր ողջոյնի խօսքէն ետք հրաւիրեց Արտոյտ Զոհրաբեանը, որ Հ. Մ. Մ. «Նայիրի» միութեան Արուեստից բաժանմունքի անունով անդրադարձաւ օրուան ձեռնարկին։ Պատկերասփռուեցաւ փաստագրական տեսաֆիլմ: Ձեռնարկի բանախօսն էր ճրտ. Արթուր Յովսէփեան:

Ապա, միութեան վարչութեան նախագահ՝ Սերոժ Օհանեան, օրուան մասին իր խօսքը փոխանցելով՝ բեմ հրաւիրեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանը:

Խօսքերը եզրափակուեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանի խօսքով, որուն ընթացքին, թեմիս հոգեւոր առաջնորդը գնահատանքով անդրադարձաւ, որ Մայիսեան յաղթանակի տօնակատարութիւնը արդէն մէկ շաբաթեայ կտրուածքով եւ միութիւններու համատեղ ծրագրերով կը տօնակատարուի համայնքէն ներս եւ ընդգծեց, որ մեր միութիւնները կը փորձեն ամրագրել եւ վերակենդանացնել խորհուրդը՝ ազատութեան եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տօնակատարութեան:

Ծրագրի գեղարուեստական յայտագրով ազգային-յեղափոխական երգերու շարանով դահլիճին մէջ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց «Ժողովրդական երգիչ» նախագիծի մասնակից, ՀՀ Ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբի եւ «Ակունք» ազգագրական երգի ու պարի խումբի մեներգչուհի Եւա Եգանեանը, ապա Թեհրանէն հանդէս եկաւ Ռոմիկ Ազիզեանը իր նուագախումբով եւ երգերը եզրափակուեցան «Զարթի՛ր լաօ» քայլերգով, որուն ձայնակցեցաւ դահլիճը՝ յոտնկայս: